Արդէն տասը տարի…
Քեսապի տեղահանութենէն, կամ ինչպէս քեսապահայութիւնը կ’անուանէ՝ 21 Մարտ 2024-ի «Մհաճրլէք»-էն տասը տարի ետք, այսօր, արդեօ՞ք սպիացաւ տեղահանութեան բացած խորունկ վէրքը:
Պահ մը յետադարձ ակնարկով մը անդրադառնանք քեսապահայերու վերադարձէն ետք վերականգնումի, ամէն ինչ իր հունին վերադարձնելու, տեղահանութեան ստեղծած հոգեկան եւ նիւթական կորուստը շրջանցելու եւ դարմանելու յամառ ճիգին ու ջանքին:
Տեղահանութեան պարտադրած գորշ պայմանները իւրաքանչիւր  քեսապցիի համար, որ տարիքի ալ պատկանի ան, առանձին տագնապ ու կսկիծ յառաջացուցին:
Անոնք, որոնք հասած էին իրենց կեանքի վերջալոյսին՝ «իտտը դրուշէոյը» (կեանքի վերջին հանգրուանին), իրենց անխոնջ աշխատանքով կեանքի երկար տարիներու եւ երիտասարդութեան տուրքը վճարած  էին՝ վասն ապահով ու խաղաղ կեանքի: Այդ սերունդը իր ու իր զաւակներուն կեանքը նիւթապէս ապահոված էր, սակայն այդ բոլորը փոշիացան, ակնթարթով մը ամէն ինչ շոգիացաւ: Բայց երբ երեք «երկար» ամիսներ ետք վերադարձան Քեսապ, իրենց տան երդիքները կանգուն գտան։
Ու թէեւ  անոնց կոտրած սիրտն ու ահաւոր տխրութիւնը կարելի չէր դարմանել, սակայն ուրախ էին գէթ իրենց կերտած բոյնը կանգուն տեսնելով: Անոնք վերադարձէն ետք աշխուժութեամբ եւ երիտասարդական եռանդով փորձեցին իրենց տուներուն եւ պարտէզներուն աւերակներուն մէջ գտնել ապրուած օրերու, տարիներու ու մինչեւ հասունութեան տարիքին հասած կեանքի յուշերը, թէկուզ անոնցմէ պատառիկ մը, վաւերական նկար մը, դպրոցական վկայական մը, իրենց պապերէն ժառանգ մնացած ժամացոյց մը կամ «պասթոն» մը (գաւազան, որ ծերերը կը գործածեն իբրեւ յենարան)։
Եթէ նման բան գտնէին, նոյնիսկ թշուառ վիճակի մէջ՝ «բլբսած» (բորբոսած) եւ գունատ նկարներ, մելանի հետքն իսկ կորսնցուցած վկայականներ… կը հրճուէին: Տուներուն ստուգումը կատարելէ ետք, անոնք ուղղուեցան իրենց պարտէզները ու… ծառեր դեղելու սարքեր, պարտէզի մկրատներ, որսի հրացաններ, բահ ու բրիչներ եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր գողցուած գտան. ասոնց կորուստը կեանքի կորուստին համազօր էր… սակայն այդ ալ շրջանցելով ճիգ չխնայեցին կորուստէ փրկելու այն ինչ որ կարելի էր։ Իրենց ատամները ուժգնութեամբ սեղմելով փորձեցին յոյս ներշնչել իրենց շրջապատին, հաւատալով եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն հաւատացնելով, որ փապուղիի վերջաւորութեան անպայման կրկին լոյս պիտի ծագի:
Երէց սերունդի կեանքի օրերն ու ապագան հազիւ միս ու ոսկոր կապած էին, աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով անոնք հազիւ ընտանիքին բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու յոյսով համակուած էին, երբ տեղահանութեան հետեւանքով ամէն բան սկիզբէն կառուցելու անել կացութեան մատնուեցան կրկին: Անոնք մէկ կողմէ կը փորձէին ոտքի կանգնիլ, կորսուած երազներն ու յոյսերը վերագտնել, միւս կողմէ իրենց զաւակներուն տէր ըլլալ, որպէսզի գոյատեւեն: Երեք ամիս առաջ ինքնաբաւ էին, այսօր կարիքաւոր են:
Ինչ փոյթ սակայն. անոնք կրկնապատկեցին իրենց աշխատանքը, իրենց տուն ու պարտէզ վերադարձը բաւարար համարեցին, թէկուզ տուները աւերուած, իսկ պարտէզները լքուած էին, այդուամենայնիւ իրենց անկարելին կարելի դարձուցին ու գտնուած սարքերով, ունեցածովը գոհանալով կրկին աշխատանքի լծուեցան, հաւատալով որ կեանքի գարունները անհամար են ու յաջորդ գարնան պարտէզներուն ծառերը կրկին կը ծաղկին, բերք կու տան, անոնց գոյն-գոյն ծաղիկները իրենք կեանքին շունչ կու տան, յոյս կը ներշնչեն կրկին, հետզհետէ ամէն ինչ իր հունին կը վերադառնայ… առողջութիւնն էր կարեւորը:
Քեսապահայութեան ապագան պայծառացնող, կերտող, գունազարդող եւ եկեղեցի-դպրոց-միութիւն հզօր սիւները կազմող խոստմնալից երիտասարդութիւնը 2014-ի տեղահանութեան ցիր ու ցան դարձաւ։ Եթէ տարբեր սերունդներ կորսնցուցին իրենց պարտէզներուն սարքերը կամ տան կահաւորումը, այլ խօսքով ընտանիքին նիւթական հարստութիւնը, երիտասարդութիւնը կորսնցուց իր երազը։
Քեսապահայութիւնը տեղահանութեան ստեղծած պայմաններուն բերումով կորսնցուց իր ամենամեծ հարստութեան կարեւոր մէկ մասը՝ իր երիտասարդութիւնը: Թէեւ անոնց բռնած գաղթի ճամբան արդարացուած էր՝ ուսման, ապահովութեան փնտռտուքի, զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու եւ կեանքի հանգիստ պայմաններ ապահովելու առումով,  սակայն օտարութիւնը, իրենց ծնողներով մտահոգուիլն ու ապագայի փնտռտուքը կը տանջեցին ու ցարդ կը տանջեն զիրենք։ Աւելին. մեծ պարապութիւնն ու մտահոգութիւնը կը կրծէ էութիւնը իրենց ծնողներուն, որոնք ոչ միայն իրենց զաւակները, այլեւ իրենց հարազատներէն շատ-շատերը ճամբու դրած էին դէպի օտար ափեր:
Այսօր տեղահանութենէն տասը տարի ետք, քեսապցին ըստ իր կարելիութիւններուն վերականգնած է ինքզինք, տուն, պարտէզ, եկեղեցի, դպրոց եւ միութիւններ, շարունակելով առկայ պայմաններուն մէջ տոկալ ու լոյսի նշոյլներ ստեղծել անձամբ իսկ՝ հակառակ երկրի տնտեսութեան, թագաժահրին, երկրաշարժին եւ սղաճին ստեղծած ծանր պայմաններուն: Անշուշտ Սուրիական Հայրենիքին 2011-էն ծայր առած պատերազմին յառաջացուցած այլազան դժուարութիւններէն անմասն չէր կրնար մնալ քեսապցին, հետեւաբար կը դիմագրաւէր ելեկտրականութեան, կենցաղային կարիքներ ապահովելու դժուարութիւններ եւս, նամանաւանդ հողագործութեան աշխատանքի պայմաններուն դժուարացումով: Պարարտանիւթի, գործաւոր ապահովելու, խնձորի ֆալի սղաճը անոր բերքի եկամուտին նժարը ծախսերու նժարէն շատ աւելի վեր կը պահէ: Ծախսերը,  համեմատաբար եկամուտին, ծանրակշիռ կը մնան…
Վերոյիշեալ դժուարութիւններուն հետ մէկտեղ քեսապահայութիւնը այսօր կը շարունակէ հաւատալ, որ իր կեանքը շարունակել-բոլորելու ամենայարմար վայրը Քեսապն է, կառչած մնալով իր պապերուն հողին, բարքերուն եւ սովորութիւններուն:
Սեւան Ա. Մանճիկեան