ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ պասքեթի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական քառեակի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը Դամասկոսի մէջ 73 – 92 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Ֆէյհա խումբը:
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող Ֆըթուէի խումբէն, ինչպէս նաեւ Հուրիէն 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Թալիաաին։ Նոյն արդիւնքով Հըթթինը յաղթեց Ճէյշին, իսկ Թըշրինը՝ Ուասպէին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԻԹԻԻՆ
Կիրակի օր Անգլիոյ Փրեմիէր Լիկի առաջնութեան 27-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին իր տան մէջ մրցում մը ունեցաւ Մանչեսթըր Իւնայթըտի հետ: Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 3 – 1 արդիւնքով՝ ի նպաստ
Սիթիին: 8-րդ վայրկեանին, հանդիպման հաշիւը բացուած յայտարարեց Իւնայթըտի անգլիացի յարձակող Մարկոս Ռաշֆորտթը։ Քաթալոնէացի Խոսէփ Կուարտիոլայի գլխաւորած խումբը առաւելութեան հասաւ շնորհիւ անգլիացի կիսապաշտպան Ֆիլ Ֆոտէնի եւ նորվեկիացի յարձակող Էրլինկ Հալանտի կոլերուն: Աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը հիւրընկալեց Նոթինկհեմ Ֆորեսթը: Գերմանացի Եորկէն Կլոպի գլխաւորած կազմը դժուարութեամբ կրցաւ յաղթել՝ 1 – 0 արդիւնքով: Խումբին միակ կոլը նշանակեց նորվեկիացի յարձակող Տարուին Նունիէզին՝ յաւելեալ 9-րդ վայրկեանին: 63 կէտով մրցաշարքի աղիւսակը գլխաւորեց Լիվըրփուլը, որուն մէկ կէտի տարբերութեամբ յաջորդեց Սիթին:

ԼԵՊՐՈՆ ՃԷՅՄՍ NBA-Ի ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԽԱՂԱՑՈՂՆ Է, ՈՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է 40.000 ԿԷՏ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Պասքեթպոլիստ Լեպրոն Ճէյմս Տենվէր ակումբին դէմ խաղին յաջողեցաւ նշանակել 26 կէտ։ Ըստ kommersant.ru-ին Ճէյմս այս արդիւնքով իր մարզական կեանքի ընթացքին անցաւ 40 հազար կէտի սահմանը:
Պասքեթի ազգային մրցանակի (NBA) պատմութեան մէջ նախապէս ոչ մէկ խաղացող կրցած է արձանագրել այս արդիւնքը:
39-ամեայ Լեպրոն Ճէյմս ընդհանուր առմամբ ունի 40.017 կէտ:
Ճէյմս NBA-ի քառակի ախոյեան է (2012, 2013, 2016, 2020): Ան չորս անգամ հռչակուած է կանոնաւոր առաջնութեան եւ փլէյ-օֆֆի շարքի ամենաթանկարժէք խաղացողը: ԱՄՆ-ի հաւաքականի կազմին մարզիկը յաղթած է 2008 եւ 2012 թուականներու Ողոմպիական խաղերուն։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան