ՌԱՍ ՈՒԼ-ԱՅՆ

Ռաս ուլ-Այնը Հասիչէի նահանգին հիւսիսային շրջանը գտնուող, Թուրքիոյ սահմանակից գիւղաքաղաք մըն է: 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք դարձած է հայ ժողովուրդի ապաստաններէն մէկը, ինչպէս՝ Տէր Զօրը: Հոն կը գործէր Ազգ. Նահատակաց նախակրթարանը, նաեւ հայկական եկեղեցին՝ Ս. Յակոբը, որուն խնամատարութիւնը ստանձնած էր եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, գլխաւորութեամբ տոքթ. Յովհաննէս Սաաթճեանի: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գտնուէր նաեւ երիցատունը, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը:
Նախքան սուրիական պատերազմը, 2011-ին հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնէր շուրջ 14 ընտանիքի, որոնք յետ-ցեղասպանութեան այնտեղ հաստատուած էին ու խաղաղ կեանք մը կ’ապրէին՝ իւրաքանչիւրը իր օրապահիկը ապահովելով, ոմանք որպէս արհեստաւորներ, ոմանք հողագործութեան գործին նուիրուած, ոմանք ելեկտրական գործիքներու նորոգութեամբ զբաղուած։ Ունէինք նշանաւոր ճաշարանատէր մը ՍԵՐՈԲ անունով, որուն ճաշարանը կը կրէր իր անունը, եւ Ճեզիրէի բոլոր շրջաններէն յաճախորդներ կ’ընդունէր։ Կանայք տանտիկին էին՝ իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղուած, իսկ ոմանք Ազգային վարժարանէն ներս ուսուցչութեան ասպարէզին նուիրուած. ունէինք ամէնահին ու փորձառու դեղագործուհին՝ ՍՐԲՈՒՆ անունով, որ զանազան բոյսեր օգտագործելով դեղերու պատրաստութիւն կը կատարէր:
Ռաս ուլ-Այնի Ս.Յակոբ եկեղեցին անցեալին ունեցած է իր ծխատէր քահանան, սակայն տեղւոյն շրջանի բնակչութեան թիւին նուազելուն առընթեր, այլազան պատճառներով եկեղեցին այս անգամ ունեցաւ իր այցելու քահանան, Հասիչէի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Տէր Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Պետրոսեանը, որ հերթական կերպով շրջանը կ’այցելէր՝ հոգալով բնակիչներուն հոգեւոր կարիքները: Ապագային տէր հօր անկայուն առողջապահական իրավիճակին պատճառով զինք յաջորդեց Գամիշլիի Հոգեւոր Հովիւ Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը՝ դարձեալ որպէս այցելու քահանայ: Քահանայ հայրը յաճախ այցելութիւններ կը կատարէր այնտեղ, մերթ Պատարագ մատուցանելու, մերթ ալ Տաղաւար տօներուն եւ Ս. Յարութեան տօնին ներկայանալու:
Սուրիական պատերազմի ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խումբերը երկու անգամ յարձակեցան ու գրաւեցին քաղաքը, եւ առաջին գրաւումէն իսկ բոլոր հայ ընտանիքները ճարահատ խոյս տալով հեռացան Ռաս ուլ-Այնէն հաստատուելով Ճեզիրէի զանազան շրջաններ. ոմանք ալ հետագային՝ արտասահման: Բարեբախտաբար քաղաքին առաջին գրաւումէն եւ ազատագրումէն ետք, առիթը ունեցանք այնտեղ երթալու եւ քննելու իրավիճակը. այցելեցինք Ազգային վարժարան, որուն պատերը փամփուշտներու հետքեր կը կրէին եւ տեսանք աշակերտներու նստարաններուն  կոտրտուած վիճակը, փոշիոտ եւ կեղտոտ: Փառք Տիրոջ, որ վնասները ձեւով մը տանելի էին։ Հոնկէ անցանք եկեղեցւոյ շրջափակը, որուն մուտքին տեսանք փոս մը, որ խճաքարերով լեցուած էր, ըստ երեւոյթի ական մը կամ ռումբ մը պայթած էր։ Այնտեղ. ալ շօշափեցինք աստուածային նախախնամութիւնը, եկեղեցւոյ պատերը դուրսէն փամփուշտով քիչ մը վնասուած էին, սակայն ներսէն՝ տարօրինակ կերպով պահպանուած:
Դժբախտաբար կարճ ժամանակ մը ետք, Ռաս ուլ-Այնը դարձեալ գրաւուեցաւ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը վայելող ահաբեկիչներու կողմէ՝ 2019 Հոկտեմբերին ու մինչեւ այսօր գրաւուած կը մնայ: Ներկայիս ոչ մէկ հայ բնակիչ մնացած է այնտեղ, բացի պրն. Վրէժ Քէշիշեանէն, որ անձնուէր ու յօժարակամ կերպով կը բնակի այնտեղ, հակառակ անոր որ իր կինն ու զաւակները փոխադրուած են հոնկէ ու հաստատուած՝ Հասիչէ, սակայն ան պնդած է ըսելով որ կարելի չէ իրեն համար ապրիլ իր ծննդավայրէն դուրս: Ան  կարելի եղածին չափ, իր պայմաններուն համեմատ, հսկողութիւն կը կատարէ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. վարժարանին, յարատեւ կապի մէջ է Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Եղիայեանի եւ Ազգային պատասխանատուներուն հետ:
Այս բաժինը պատրաստեցին՝
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Յակոբ Սրկ. Պարսումեան
Խաչիկ Մելքոնեան