ՏԷՐԻՔ

Մալիքիէ կամ Տէրիք Հասիչէի նահանգին Հիւսիսարեւելեան շրջանը, Թուրքիոյ եւ Իրաքի սահմանին մօտ գտնուող գիւղաքաղաք մըն է: 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք դարձեալ դարձած է հայ ժողովուրդի գաղթօճախներէն մէկը, ինչպէս՝ Թուրքիոյ մերձակայ բոլոր շրջանները:
Հոն կը գործէ Ազգ. Ազատութիւն նախակրթարանը, հայկական եկեղեցին՝ Ս. Աստուածածինը, ինչպէս նաեւ ՍՕԽ-ի «Սարդարապատ» մասնաճիւղը: Եկեղեցւոյ ու վարժարանի խնամակալութիւնը ստանձնած է Տէրիքի թաղական խորհուրդը: Եկեղեցւոյ շրջափակին կողքին  կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը, իսկ բակին միւս ծայրը՝ Երիցատունը։ Վարժարանը ունի շատ գեղեցիկ սրահ մը, որ կ’օգտագործուի տօնական զանազան առիթներուն:
Պատերազմէն առաջ հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնէր շուրջ 80 ընտանիքի։ Բնակիչները  ընդհանրապէս հողագործութեամբ զբաղող կամ ալ արհեստաւոր են: Համալսարանի չգոյութեան պատճառով երիտասարդները կը ստիպուէին տեղափոխուիլ այլ շրջաններ՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար, իսկ փոքրերը կը յաճախէին Ազգային վարժարան:
Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր Տէր Տաճատ Ա. Քհնյ. Յակոբեանը, որ աւելի քան երեսուն հինգ տարի ծառայեց անսակարկ կերպով ու մեծ նուիրուածութեամբ՝ որպէս հոգեւոր մշակ եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ Ազգային Ազատութիւն վարժարանէն ներս։ Ան իր շուրջ հաւաքած էր խումբ մը հաւատացեալներ ու ձայնաւոր տիկիններ, անոնց սորվեցուցած էր Ս.Պարարագի երգեցողութիւնը եւ այլ շարականներ ու կազմած՝ եկեղեցւոյ դպրաց
դասը:
Քահանայ հայրը 2018-ին  տարիքին յառաջացման, մարմնական ու ֆիզիքական տկարութեան ու անկարողութեան պատճառով հանգստեան կը կոչուի, ի պատասխան   օրուան թեմի առաջնորդին կատարած առաջարկին: Ապա կը փոխադրուի Գամիշլի, որմէ երկու տարի ետք՝ Հալէպ ու հոն կը վախճանի Օգոստոս 2021-ին:
Տէրիքի հայ գաղութին հոգեւոր կարիքները հոգալու համար թեմիս առաջնորդին կողմէ կը նշանակուի Գամիշլիի Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան որպէս այցելու քահանայ:
Քահանայ հայրը 2018-էն ի վեր կը ծառայէ Տէրիքի հայ գաղութի հաւատացեալներուն, մշտապէս այցելութիւններ կը կատարէ այնտեղ, ամսական դրութեամբ Պատարագ կը մատուցանէ, Տաղաւար տօներուն եւ խորհրդակատարութիւններուն, Աւագ Շաբթուան ընթացքին եւ Ս. Զատկին:
Պատերազմի տարիներուն, բարեբախտաբար, Ճեզիրէի այս շրջանը համեմատաբար Սուրիոյ տարածքին գտնուող զանազան շրջաններու, շատ աւելի կայուն էր ու հանդարտ. Տէրիքի շրջանի գրեթէ մարդկային, կենսական բոլոր կարիքները ապահովուած են, սկսեալ վառելանիւթէն հասնելով մինչեւ երթեւեկ զանազան շրջաններ, նոյնիսկ՝ արտասահման: Հակառակ այս ապահով իրավիճակին, տեղւոյն բնակիչներէն շատեր երկրէն գաղթեցին: Գաղթողներուն մեծամասնութիւնը այլ համայնքներէ են:
Տէրիքի շրջանի որոշ չափով կայուն եւ ապահով ըլլալը, ինչպէս նաեւ նիւթական կարողութիւնները առիթ հանդիսացան քաղաքի զարգացման ու յառաջացման: Գաղութիս մակարդակով անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին Ազգային վարժարանը օժտուեցաւ նոր յարկաբաժինով մը, որուն բացումը կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեանը: Եկեղեցին օժտուեցաւ երկու նոր կալուածներով, որոնցմէ մին երիցատուն դարձաւ, որուն բացումը դարձեալ կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեանը, իսկ միւսը դպրոցին միացուեցաւ: Ս. Եկեղեցին, ներառեալ դահլիճը, Ազգային վարժարանը վերանորոգութեան ենթարկուեցան, նոր ելեկտրածին գնուեցաւ, ինչպէս նաեւ դպրոցին համար հանրակառք գնելու ծրագիր դրուեցաւ:
Տէրիքի պատմութեան մէջ, եկեղեցական ու ազգային կեանքը այնքան եռուն չէր եղած, որքան անցնող այս  քանի մը տարիներուն:
Ս. Աստուածածնայ տօնը՝ ՅԱննայէ, օրուան թեմիս առաջնորդին կողմէ հռչակուեցաւ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտի օր: Հետեւաբար այս առիթով Ճեզիրէի զանազան շրջաններէն ուխտաւորներ կ’այցելեն եկեղեցի, ուր այդ առիթով տեղի կ’ունենան հանդիսաւոր Պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն:
Երկա՜ր տարիներէ ի վեր դադրած Կիրակնօրեայ  վարժարանը դարձեալ կը վերակազմաւորուի՝ դառնալով գաղութիս  ամէնէն աշխուժ եւ եռանդուն կազմակերպութիւնը: Վարժարանը շաբաթական հերթական հանդիպումներով ամբողջ տարուան ընթացքին երեսունէ աւելի աշակերտներուն կը ջամբէ հայեցի դաստիարակութիւն եւ հոգեւոր սնունդ:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը 27 Փետրուար 2022-ին  նոր կորիզ կը յառաջացնէ Տէրիքի մէջ:
ՍՕԽ-ի «Սարդարապատ» մասնաճիւղը զանազան առիթներով ձեռնարկներ կը կազմակերպէ եւ իր ներդրումը կ’ունենայ ընկերային կեանքէն ներս:
Տէրիքի հայութիւնը, փաստօրէն, իր «ոսկեդար»-ը կ’ապրի։
Այս բաժինը պատրաստեցին՝
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Յակոբ Սրկ. Պարսումեան
Խաչիկ Մելքոնեան