Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման,
Հազար տարուայ հերք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես։
Ե. ՉԱՐԵՆՑ
Նախորդ սիւնակով, վեր առինք Երեւանի ներկայ իշխանութեան օրով արձանագրուած միտումնաւոր կամ տգիտաբար կատարուած ձախորդութիւնները, վնասաբեր ու հայրենակործան քայլերը (միայն «ներկայացուցչական» փունջ մը): Կ’արժէ մասնակի ցանկագրում մը կատարել նաեւ այն ԸԼԼԱԼԻՔներուն՝ անխուսափելի թուացող պատուհասներուն, որոնց մասին խելամիտ նախատեսութիւններ կը կատարուին՝ իշխանապետին ու գործակիցներուն գործերէն եւ խօսքերէն դատելով: Մասնակի՛ ցանկագրում՝ ո՛չ թէ զիրենք խնայելու համար, այլ որովհետեւ հոս ալ ցանկը շատ երկար է:
* * *
Ատրպէյճանի ուղղութեամբ. Արցախը սարքովի ճակատումով, ապա նաեւ գրաւոր ու բերանացի համաձայնութիւններով վերջնականապէս Ատրպէյճանին յանձնած իշխանութիւնը (իմաստ չունի ինքնարդարացման փորձերուն սնանկութիւնը կրկին ու կրկին փաստելը) հիմա շա՛տ աւելի յստակ բառերով կը խօսի նոր հողերու յանձնումին մասին: Նախ ըսուեցաւ, որ յանձնելի են 8 գիւղեր, հիմա սակարանը կը տատանի. մերթ կը խօսուի 4, յետոյ՝ 18-էն 30 գիւղի մասին, ու կասկած չկայ, որ իշխանաւորները մատը մատին պիտի չզարնեն, նոր հողեր չյանձնելու համար: Սահմանագծման յանձնախումբերու ժողովները այս չարագուշակ նախատեսութիւնները կը հաստատեն, իսկ իշխանականներու քարոզչութիւնը, գաղտնապահութեան ծածկին տակ, նոր յանձնումներու գաղափարը մասնավճարներով կը սրսկեն հանրութեան մէջ:
Գաղտնի կը պահուին հաղորդակցութիւններ, համաձայնութիւններ, յանձնումի ծրագիրներ (9 Նոյեմբերի յայտարարութեան «տրամաբանութեամբ»): Այս էջը գործնապէս վերաբացուեցաւ այն յայտարարութիւններով, թէ մեր խաղաղասիրութեան դիմաց, Ատրպէյճան բանիւ եւ գործով պատերազմի կ’երթայ, Երեւանի իշխանութիւնը չի կրնար երաշխաւորել, թէ խաղաղութեան ճամբան հետապնդելով՝ Ատրպէյճան ետ պիտի կանգնի նոր յարձակումներէ: Այլ խօսքով՝ ի՜նչ «խաղաղութեան խաչմերուկ», ի՜նչ ճամբաներու բացում եւ բարգաւաճման հեռանկարներ:
Կա՛յ ու կա՛յ… Ալմա Աթայի (անկապ) համաձայնութիւնը: Մարդիկ հիմա կը հաստատեն այն, ինչ որ ընդդիմադիրներն ու իմաստութենէ ձեռք չքաշողները կը կրկնէին տարիներէ ի վեր, բացագանչելով՝ «Զարթի՛ր, լաօ՛»:  Այլ խօսքով, պատերազմը անխուսափելի՞ է. նժարը կը հակի «այո»-ի կողմը: Իսկ կարելի՞ է կասեցնել: Պատասխանը՝ անկարելի բան չկայ:
Յիշեալ սակարանին մէջ ցուցակագրուած գիւղերը չեն բաւարարեր Ատրպէյճանը, եւ այս իշխանութիւնը պատրաստ է վաղը հազար ու մէկ աղբիւրէ ջուր բերելու, արդարացնելու համար նա՛եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին եւ Սեւանի արեւելեան գօտիին յանձնումը (օր մըն ալ հրապարակ կու գայ բուն խաղացողը՝ Թուրքիան՝ նոր իր պահանջներով):
Սիւնիքը կորստեան սեմին բերողներուն «տրամաբանութիւնը»՝ թէ «Ատրպէյճանի հետ պատերազմէ խուսափելու համար՝ պէտք է տանք ինչ որ կ’ուզէ», վերածուած է խանգարուած՝ ինքզինք կրկնող ձայնապնակի:
Ինքնարդարացումնե՞ր, որքան կ’ուզէք, հի՞մ, մի՛ փնտռէք: Վարդենիսի շրջանին մէջ «վարչական վերադասաւորումները» տուին նախաճաշակ մը, կաթիլը նետեցին ժողովուրդին ուղեղներուն մէջ, կը սպասեն, որ «ծաղկում» ունենայ՝ շատ մը այլ կաթիլներու հետեւողութեամբ: Վաղը ասո՞նք ալ կ’ընե՞ն: Ինչո՞ւ ոչ: Արցախն ու սահմանամերձ գօտիներ չյանձնեցի՞ն, այլ օրինակներ չէի՞ն Սոթքէն ու Երասխէն ետքայլերը, Ջերմուկի եւ Սեւ լիճի բարձունքները…:
Վաղը կրնան իրականութիւն դառնալ այն շշուկները, թէ Փաշինեան արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացուցած է Ալիեւի հետ, որպէսզի Հայաստանէն 90-ականներուն «գաղթական դարձած» ազերիներ վերադառնան եւ հետեւին «աճեցէ՛ք եւ բազմացարո՛ւք» պատգամին: Չէ՞ որ այս ալ Ալիեւի պահանջներուն ցանկին վրայ է, եւ ան, առանց բառերը ծամծմելու կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի դիմաց միայն մէկ ճամբայ կայ՝ կատարել Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները: Վաղը սա ալ կրնայ արդարացուիլ իբրեւ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն, իսկ Պաքուէն բարի կամեցողութեան ո՛չ մէկ նախանշան կ’երեւի, ընդհակառակն՝ բռնագրաւեալ ու հայաթափուած Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումը արագ թափ ստացած է, քանդուեցաւ մինչեւ իսկ Ազգային ժողովի շէնքը, իսկ Ատրպէյճանէն բռնի կերպով հեռացուած հայերու տուն դարձին կամ հատուցում կատարելու մասին բառ մ’իսկ չ’արձակուիր:
Բանակին ողբերգական վիճակը վաղը կրնայ աւելի՛ եւս խորանալ, որովհետեւ Ատրպէյճան ու անոր «մեծ եղբայրը»՝ Թուրքիա յստակ պահանջ դրած են, թէ չեն ուզեր Հայաստանի մէջ հայկական իսկական բանակ տեսնել: Այլ ցուցանիշներ են այն աղմուկ-աղաղակները, որոնք կը բարձրանան՝ ամէն անգամ որ Հայաստան մանրագոյն փորձ մը կատարէ զինուելու, պաշտպանական համաձայնութիւն (ձեւական թէ այլ) գոյացնելու զէնք մատակարարել ուզողներու հետ: Իսկ թէ նման աղմուկի ետին կան քաղաքական հաշիւներ, մրցակցութիւններ՝ ա՛յդ ալ յստակ է: Այս իշխանութիւնները այս ալ կ’ընե՞ն: Բայց արդէն ճամբայ ելած են…
Ատրպէյճանի պահանջներէն մէկը այն էր, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները տարուին միայն երկու կողմերուն միջեւ: (Ի՜նչ ռուսական կամ ամերիկեան, ֆրանսական, գերմանական, Եւրոպական միութեան միջնորդութիւն, ի՜նչ Մինսքի խումբ): Երեւանի իշխանաւորները խանդավառուեցան այս ընտրանքով, չտեսնելով եւ ժողովուրդն ալ կուրութեան հրաւիրելով, որ նման՝ երկանդամ սեղան հայկական կողմը իբրեւ անպաշտպան համադամ պիտի դնէ թուրք-ազերիական ճաշասեղանին վրայ, այսինքն՝ զոյգ եաթաղաններու միջեւ, փոխարէնը ոչինչ ստանալով: Ատրպէյճան որեւէ շօշափելի խոստումի, բարի տրամադրութիւններով փոխադարձելու նշան ցոյց տուա՞ծ է: Միւնիխը եղաւ այս «գործընթաց»-ին մեկնակէտը: Վաղը երկկողմանի այլ նիստեր ալ կրնան սարքուիլ, մի՛շտ նոր քայլեր իրականացնելու համար արդէն իսկ թաքուն կերպով պատրաստուած ծրագիրին ճամբուն, եւ Հայաստանը միշտ պահելով վնասուողի, տուժողի, յանձնողի դիրքին վրայ (եթէ նման վիճակ կարելի է դիրք կոչել):
Մի՛շտ թուրք-ազերիական պահանջներուն ընթացք տալով, «Փաշինեան եւ ընկերութիւն» խմբակը ճամբայ հանեց նոր սահմանադրութիւն մշակելու, Զինանշանը փոխելու, Քայլերը նորացնելու (յայտնապէս կ’ուզեն վերադառնալ «Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր»-ի վիճակին), պատմութիւնը վերախմբագրելու, քարտէզը վերաձեւաւորելու եւ նման կործանարար «նախաձեռնութիւններ»-ու: Այս բոլորը իրականացնելու համար, ժողովուրդի ուղեղին մէջ կաթիլ-կաթիլ կը սրսկեն նոր «թաւշեայ տեսութիւններ», ապա քարոզչամեքենային եւ կամակատարներուն կը վստահին թունաւոր սերմերուն ջրտուքն ու տարածելու գործը: Ցանկի վրայ են հանրաքուէի կազմակերպումը եւ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ: Պիտի ընեն՝ երբ մթնոլորտը հասունցած գտնեն (կամ դուրսերէն հասնող թելադրանքները այդ պահանջեն): Փոքր չէ թիւը այն մեկնաբաններուն ու քաղաքական մարդոց, որոնք կը յուսան, թէ իշխանաւորները պիտի չերթան այդ քայլին, որովհետեւ չեն կրնար հանրաքուէով եւ ընտրութիւններով յաջողեցնել իրենց ծրագիրները:
Պատրանքներով չտարուի՜նք: Չոր տրամաբանութիւնը կ’ըսէ, որ ասոնք այդ բոլորը կ’ընե՛ն, հանրաքուէ եւ ընտրութիւն կը սարքեն այնպէս՝ որ արդիւնքները ի նպաստ իրենց առաջադրանքներուն ըլլան եւ հոն ալ պարուրուին կեղծ ժողովրդավարութեան պատմուճանով, յետոյ ալ կը յայտարարեն, թէ նոր մանտաթ ունին: Նախընթաց քանի մը փուլերու աճպարարութիւնները գաղտնի՞ք են: Պատերազմը կորսնցնելէ եւ Արցախը վտանգի մատնելէ ետք չյաջողցուցի՞ն վերընտրուիլ, ի՞նչ պատահեցաւ Երեւանի կամ մարզային ընտրութիւններուն:
Այս փաստերը վարդագոյն հորիզոններ չեն խոստանար: Այլ փաստ է այն, որ մէկ կողմէ խաղաղութիւն կը խաղան, միւս կողմէ, եւ գո՛րծնապէս, նոր կորուստի ճամբաներ կը պատրաստեն, քաջալերանք ապահովելով հովանաւորներէ: Մեր ցանկութիւնն ալ «նման հանգրուանի պէտք չէ հասնինք»ն է, սակայն դառն փորձառութիւնը ուրիշ բան կը թելադրէ եւ կը յիշեցնէ անգլիացիներուն մէկ հին խօսքը. «Վառօդդ չոր պահէ»:
* * *
Այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ծիր. Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վիճակը յստակ է. Երեւան կը վազէ դէպի խզում, թէեւ խօսքով երբեմն այլ բան կ’ըսէ: Նորագոյն խաղաքարտը սեղան նետուեցաւ քանի մը օր առաջ, Երեւանի օդակայանէն ռուսական ուժերու հեռացման օրակարգով: Սա կը դիտուի իբրեւ նախաքայլ՝ ռուսական ուժերու Սիւնիքէն եւ առհասարակ արեւելքի եւ արեւմուտքի դրացիներուն հետ սահմաններէն հեռացման, ապա նաեւ՝ ռուսական զօրակայաններու փակման:
Իշխանութիւնները մեծ խանդավառութեամբ կը գործեն ու կը քարոզեն այս նպատակներուն ի խնդիր: Մոսկուա, բնականաբար ի՛ր հաշիւներուն դիտանկիւնէն, զգուշացման հրաւէրներ կ’ուղղէ Երեւանին, սակայն «էշը յառաջ կը տարուի» արեւմտեան թաքուն ու բացայայտ խրախուսանքներով: Ստեղծուելիք «պարապը» լեցնելու համար, ինչպէս նշեցինք արդէն, հայկական բանակը անկարողութեան մատնուած է, այլ բարեկամներ լեռնակուտակ խոստումներ կու տան, սակայն չեն խոստանար գործնական քայլ առնել, ընդհակառակն, կրկին ու կրկին ըսած են, որ պաշտպանական գետնի վրայ, Հայաստան պէտք չէ իրենց վրայ յոյս դնէ: Աւելի՛ն, Արեւմուտքի «բարեկամները» յստակացուցած են, որ Հայաստանի սեւ աչքերուն համար, պատրաստ չեն Ատրպէյճանի հետ իրենց գործակցութիւնը նահանջի մատնելու (իսկ «խաւիարի դիւանագիտութիւն»-ը միշտ ալ կրնայ կրկնուիլ), նոյնը՝ Թուրքիոյ ուղղութեամբ: Իսկ նորագոյն պատգա՞մը. բառացիօրէն ըսուեցաւ, որ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ շրջանի վճռող ուժը (որովհետեւ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ անոր գործին կու գայ դառնալու Կովկասի մէջ արեւմտեան զինակցութեան գործող ձեռքը…):
Այսինքն՝ ռուսական գործօնին չէզոքացումը ճամբայ պիտի բանայ թրքական ներկայութեան առջեւ: Ռուսիոյ ուղղութեամբ՝ Հայաստանի արձանագրած կամովի (կամ Արեւմուտքի պահանջով) ետքայլերուն դիմաց, Ատրպէյճան կը վազէ Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը յառաջ շարժելու ուղղութեամբ, Ռուսիա ի՛ր հաշիւներով կ’ընէ նոյնը, ու Հայաստան կը վերածուի… ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՅԻ: Այս բոլորը՝ «դիւանագիտական վարպետութիւններ»-ու ծիրին մէջ:
Վերջին օրերուն, խելամտութեան նախանշաններ երեւցան, Իրանի հետ գործակցութիւն խորացնելու տրամադրութիւններով, սակայն անոնք պէտք է գործնական գետին փոխադրուին, միաժամանակ ճիշդ կարդացուին Թեհրանէն հնչած տեսակէտները, թէ «օտարներու շրջան մուտքը անբաղձալի է»: Իսկ Եգիպտոսի, Յունաստանի ու այլոց ուղղութեամբ երեւցող նախաքայլերը գործնական ի՞նչ հեռանկար կը խոստանան, կը յիշեցնէ «ծովուն մէջ շատ ձուկ կայ» ըսողը…: Չենք ուզեր այս հանգրուանին աւելի վատ նախատեսութիւններով տարուիլ (թէ, օրինակ, Արեւմուտքի շահերուն իրականացումով՝ Հայաստանը կրնան ոչնչացնել, լաւագոյն պարագային վերածել թուրք-ազերիական տիրապետութեան ենթակայ մարզի), այլ յուսալ, որ շրջահայեացութիւնն ու գործնական հայրենասիրութիւնը ստեղծեն այս ընթացքը կասեցնող գործօններ:
* * *
Ներքին գետիններու վրայ. Կարելի է երկար խօսիլ տնտեսական եւ ընկերային գետիններու վրայ իշխանաւորներու գրեթէ անգործութեան, անատակութեան մասին: Նմանապէս՝ մշակոյթի կալուածին: Մասնագէտներ օր-աւուր բացատրութիւններ կու տան մէկ կողմէ՝ այլոց հետ գործակցական գետնի վրայ ետքայլերուն (թէ՝ Ռուսիոյ հետ ցրտութեան սաստկացումը վաղը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ, արդէն նիւթ է լուրջ քննարկումներու, հոս ալ քողարկեալ զգուշացումներ կը լսուին), եւ միւս կողմէ՝ երկրին արտադրողականութիւնը աշխուժացնելու ի խնդիր՝ բան չընելու, բանէ չհասկնալու ասոնց «արժանիքներուն» մասին: Այս ծիրին մէջ, կայ բոլորովին առանձին եւ վեց ամիսէ ի վեր ահաւոր կերպով ծանրացած, վատթարացած թղթածրար մը՝ Արցախի գաղթականներուն տագնապը:
Բազմատասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ միայն մասնակի եւ ձեւական օժանդակութիւն կը ստանան իշխանաւորներու դասաւորումներէն, հետզհետէ աւելի յաճախ կը խօսին արտագաղթելու մասին (իսկ հայաստանաբնակներու արտագաղթը այլապէս չէ կասեցուած): Այս ոլորտին մէջ գործնական բան չընելն ալ… բացասական ընելիքներու ցանկին մաս կը կազմէ (բացասական ընելիք հասկացութիւնը այն է, որ բան չընելով ալ վնաս կը հասցնես): Եւ քանի կը խօսինք իշխանութեան «բացասական ընելիքներուն» մասին, կ’արժէ յիշել, որ որեւէ քայլ չ’առնուիր գերիներու, պատանդներու ազատագրութեան ուղղութեամբ, այլ ի՜նչ խօսք՝ մեզմէ խլուած հողերուն վերատիրացման մասին:
Պէ՞տք է այս ծիրին մէջ անդրադառնալ այն հաւանական քայլերուն, որոնք կրնան «հարստացնել» մէկ կողմէ՝ Հայաստանի ներքին բաժանուածութիւններու, վնասակար հակադրութիւններու «շտեմարան»-ը, իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ վիհերուն աւելի՛ եւս խորացումը: Այս ուղղութեամբ ալ, այս իշխանաւորները արդեօք իրենց գլխարկներուն մէջ «սեւ-սպիտակ» նոր նապաստակներ ունի՞ն: Իրաւունք ունինք կասկածելու՝ դատելով ցարդ տեսնուած «իրագործումներէն»: Ունինք նաեւ այն փաստերը, թէ որեւէ ընդդիմադիր, մինչեւ իսկ նահատակներու ընտանիքներ, նոյնինքն Արցախէն աքսորական դարձած պետական դէմքեր՝ այս իշխանաւորներուն համար կը մնան պարսաւանքի եւ խեղաթիւրեալ տեղեկութիւններու թիրախ, բաժանուածութիւններու մտրակահարման գործիք, եւ սա ցոյց կու տայ, թէ այս մարդիկը պիտի ընեն բոլոր այն բաները, որոնք աւելի՛ եւս կրնան խորացնել ներքին թշնամանքները, անիմաստ հակամարտութիւնները, առանց մոռնալու… Սփիւռքի երեսը:
* * *
Իշխանական այս խմբակին կողմէ վնասաբեր նոր քայլերու «բեղուն» ցանկի մը մասին կարելի է երկար խօսիլ, սակայն բաւականանաք այս քանի մը ոլորտներով, կրկնելով սա հարցումը. այս մարդիկը ատա՞կ են նորանոր ձախաւերութիւններու, վնասարար քայլերու: Պատասխանը դարձեալ այո՛ է, որովհետեւ մօտաւորապէս 6 տարուան պատմութիւն կերտած անոնց վարմունքը (եւ ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմէն ասդին) ուրիշ բան ենթադրել չի տար: Իսկ թէ սա կ’ընեն կամովի՞ն, իբրեւ վարձկա՞ն՝ դուրսէն եկած թելադրանքո՞վ, թէ՞ իրենց ապիկարութեան հետեւանքով՝ երբեք ալ կարեւոր չէ, որովհետեւ պատմութիւնը արդէն իսկ կ’արձանագրէ, որ Հայաստանը կորստեան սեմին հասաւ ա՛յս իշխանութեան օրով, անոր այլանդակ ճիգերով, որոնք միաժամանակ ուղղուած էին ընդդիմադիրներու ճիգերուն վիժեցման…
Ո՞ՒՐ Է ԵԼՔԸ
Երեւանի պատկերասփիւռի կայաններէն ներկայացուող գրեթէ բոլոր հարցազրոյցները՝ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ միջազգային մարզերու մասնագէտներու հետ (մեր խօսքը իսկական մասնագէտներու մասին է, եւ ո՛չ թէ՝ իշխանութեան թմբուկը զարնող վարձկան-գիտոսիկներու), առհասարակ աւարտին կը հասնին հետեւեալ հարցումով. «Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի կասեցնենք գահավէժ անկումը, փորձենք վերականգնել բնական ընթացքը եւ վերագտնել մեր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու, անոնց վերատիրանալու ճամբան»:
Պատասխաններուն մէջ տիրապետող նախադասութիւն մըն է (ո՛չ միակը) այն, որ պէտք է հաւաքա-գրենք ուժերը, կարողութիւններն ու կարողականութիւնները, միացնենք ձեռքերը եւ գործենք յստակ տեսլականով: Իբրեւ մեկնակէտ՝ գրեթէ միաձայնութիւն կը տիրէ այն առաջադրանքին շուրջ, թէ այս իշխանութիւնը ահաւոր աւեր գործած է, հասած ենք անդառնալիի սահմաններուն, հետեւաբար՝ պէտք է անյապաղ հեռանայ (այս պահանջը կը կրկնուի 3 տարիէ ի վեր, սակայն բազմաթիւ փորձեր վիժեցան), հուսկ՝ այս աղէտաբերներուն հեռացումը միայն առաջին քայլն է հազար ու աւելի մղոն ճամբուն վրայ:
Բացի իշխանականներէն ու անոնց շահակիցներէն՝ զանգուածին համար ալ այս է միակ ընտրանքը: Իսկ թէ ինչպիսի՞ գործնական քայլերու պէտք է դիմել՝ ներկայացուած կարծիքները կը կազմեն բեկորներով կազմուած գունագեղ խճանկար մը, որ կը կարօտի համալրման, ամբողջականացման եւ, աւելի՛ կարեւորը՝ ծրագիրը իրականացնող ԳՈՐԾԻ:
Դժուարին այդ առաքելութեան մասին՝ մեր յաջորդ սիւնակով:

Ս. Մահսերէճեան