Հայաստանի վերջին թագաւորութիւնը Կիլիկիոյ մէջ էր. հոնկէ կու գան մեր վերջին թագուհիները, որոնք իրենց կեանքի մանրամասներով  հպարտութեամբ կը լեցնեն մեզ, մենք որ շառաւիղներն ենք այդ կիներուն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ դէմ գացած են իրենց ճակատագրին եւ իրենց պարտադրուած պայմաններուն, ձգտելով աւելի լաւին, բարձրին, գեղեցիկին, եւ հասնելով յաճախ իրենց նուաճումներով այդ բարձունքներուն:
Մեր թագուհիներէն շա՜տ առաջ, սակայն, աշխարհ տեսած է զօրաւոր իշխանութիւն մը, որուն օրով կեանքը խաղաղ էր եւ բարգաւաճ, պատերազմներ չկային եւ մարդը կ’ապրէր իրեն բաժին ինկած կեանքը գոհ սրտով: Մայրիշխանութեան օրերն էին, վաղո՜ւց արդէն պատմութիւն դարձած, որոնց յիշատակը սակայն կարծես արիւնով հասեր է մեզի՝ այսօրուան կիներուն, որոնք դաժան, դժուար եւ ծանր կեանքի պայմանները կը կրեն լայն սրտով եւ աշխոյժ միտքով:
Մինչեւ այսօր եւս կա՛ն ցեղախումբեր, որոնք մայրիշխանութեան կը հետեւին, եւ ուր ցեղախումբին պետը կին է:
Կենդանիներուն մէջ եւս մայրիշխանութեան օրինակներ կան, ինչպէս է պարագան մեղուներուն եւ իրենց թագուհիին:
Պատմութեան մէջ նշանաւոր կիներու մասին խօսելէ առաջ կ’ուզեմ պատմել «Հայոց Թագուհիները» ֆիլմին մասին, որուն բեմադրիչն է հայաստանցի Տիգրան Խզմալեան, որ նաեւ քաղաքական աքթիվիստ է եւ TV-ի լրագրող: Անոր ֆիլմերը ընդհանրապէս ներշնչուած են Հայոց Պատմութեան էջերէն, ինչպէս օրինակ 2010-ին Տիգրան Մեծի 2150-ամեակին առիթով  նկարահանուած «Տիգրանակերտ» ֆիլմը:
«Հայոց Թագուհիները» ֆիլմին առնչութեամբ Խզմալեան կ’ըսէ, թէ երբ սկսեր է պրպտումներ ընել, անդրադարձեր է, թէ շատ յաճախ մեր պատմութեան էջերէն կը պակսին կիները. օրինակ՝ Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի պատմութեան մէջ – բոլորս ալ գիտենք այդ պատմութիւնը – Շամիրամի մասին բաւական տեղեկութիւն կայ, մինչ Արայի կնոջ՝ Նուարդին միայն անունը գիտենք, եւ ոչինչ այդ անունէն անդին:
Թագաւորներու եւ իշխաններու կիներուն անունները գրեթէ մի՛շտ չկան, չեն արձանագրուած, կարծես թէ այդ կիները կարեւոր չըլլային իրենց ամուսիններուն կամ մեր պատմութեան համար: Ըստ Խզմալեանի՝ հայ թագաւորները «ուրացեր են» հայ կինը – ասիկա ի՛ր բառն է, ըսել կ’ուզէ՝ չեն ուզած ընդունիլ անոր գոյութիւնն ու մանաւանդ դերը – իսկ թէ ինչո՞ւ հայ տղամարդը ուրացեր է կինը, մի՛շտ Խզմալեանի դիտանկիւնէն՝ որովհետեւ պատմութիւնը յաղթողներն են որ կը գրեն, իսկ այդ շրջանի գրողները մի՛շտ տղամարդիկ եղեր են, մանաւանդ՝ վարդապետները, որոնց էջերուն մէջ հայ կնոջ պատմութիւնը գրեթէ չկայ, իսկ անոր վեհութիւնն ու վեհանձնութիւնը մեծապէս կը բացակային:
Օրինակ՝ պատմութեան մէջ չէ գրուած մեր մեծագոյն թագուհիներէն մէկուն՝ Փառանձեմին ապրած կեանքը, որ սկիզբէն իսկ ողբերգութիւն եղած է. նախ ամուսնացեր է իրեն տարեկից Գնել Իշխանին հետ, որ Արշակ թագաւորի եղբօր տղան էր: Յետոյ Արշակ թագաւորը կը տեսնէ Փառանձեմը եւ անոր գեղեցկութիւնը, սպանել կու տայ Գնել Իշխանը եւ Փառանձեմը կնութեան կ’առնէ: Ապա երբ Արշակ գերի կը տարուի, Փառանձեմ միս մինակ երկրին գլուխը կ’անցնի, իսկ երբ վիճակը շատ կը ծանրանայ, կ’ապաստանի Արտաքերս ամրոցին մէջ, կը պայքարի եւ երբ կը մնայ միս-մինակը – որովհետեւ բոլորը կա՛մ կը սպանուին, կամ համաճարակով կը մահանան – զինք գերի կը բռնեն եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք, մանաւանդ զինք ծայրայեղօրէն նուաստացնելով, կը սպանեն: Եւ այս քաջարի կնոջ Խորենացին իր պատմութեան մէջ միայն մէկ ու կէս տող նուիրած է … Չունինք անոր նկարը, գոնէ մօտաւոր նկար մը, որ մանրանկարչութեան մը մէջ գտնուած ըլլար:
Օրինակ՝ մենք չենք գիտեր, որ Ռուսիան քրիստոնէութիւնը ընդուներ է հայուհիի մը՝ Աննային շնորհիւ, իսկ Աննային խորթ քոյրը՝ Թեոֆանան, գերմանական կայսրութեան առաջին կայսրուհին էր, Օթթօ երկրորդին կինը, որ արժանացեր է գերմանական կայսրուհիի տիտղոսին: Ինչո՞ւ համար մեր պատմագիրները լռեր են նման հայուհիներու մասին …
Այս եւ նման տեղեկութիւններ… եւ հայերը լռեր են, իսկ անոնք որոնք հետաքրքրուած են, օտար պատմիչներու երկերը պեղելով գտած են:
Խզմալեան շատ հետաքրքրական ձեւով կը բացատրէ նաեւ ցեղասպանութիւնը. կ’ըսէ.
«Մինչեւ ցեղասպանութիւն, տղամարդիկ պարտութիւն կրեցին, երկիրը բռնակալներուն զիջելով: Ըսեմ, որ հայ կինը ազգի ամենաազատատենչ մասը կը կազմէ: Տղամարդիկ, Օսմանեան կայսրութեան տնտեսական կեանքին մէջ ըլլալով, ստիպուած էին ընդունիլ լեզուն, սովորոյթները, փոխեր էին մականունները, իրենց հագուածքը, ֆէս կը դնէին եւ այլն, եւ այս բոլորը՝ անշուշտ ստիպողաբար: Նոյն այդ շրջանին կիները սակայն կը շարունակէին հայկական տարազ հագնիլ, եւ ոչ՝ թրքական. հայ մայրերը տուներէն ներս միայն հայերէն կը խօսէին, ոչ թրքերէն, իրենք էին որ պահեր էին լեզուն եւ մշակոյթը՝ երգերով, հեքիաթներով, ձեռագործներով:  Տղամարդոց մօտ ի յայտ եկաւ բարդոյթ մը, որ ճի՛շդ հակառակ ազդեցութիւնը ունեցաւ կիներուն վրայ. հայ տղամարդը չկրնալով պաշտպանել իր տունն ու ընտանիքը, սկսաւ իր բարկութիւնը թափել … կնոջ գլխուն»:
Խզմալեան կ’ըսէ նաեւ, թէ «Հայ տղամարդիկ շարունակում են վախենալ հայ կնոջ խելքից, գեղեցկութիւնից, հայ կնոջ կրթութիւնից: Կինը երբ դուրս է գալիս կաղապարից, վախեցնում է»:
Մեր պատմութեան մէջ ոչ միայն քիչ խօսուած եւ գրուած է թագուհիներուն եւ իշխանուհիներուն մասին, այլ  նաեւ անոնց պատկերները չունինք: Օրինակ երբ կը բաղդատենք Եգիպտոսի աստուածուհիներուն եւ թագուհիներուն մասին եղած ծանօթութիւններուն հետ, կը զգանք թէ որքա՜ն քիչ բան պահուած է մեր պատմութեան մէջ: Եգիպտոսի պարագային մեհեաններու եւ տաճարներու պատերուն եղած քանդակներն են եւ արձանները, որոնք այսքա՜ն երկար դարեր ետք իսկ պահած են այդ թագուհիներուն պատկերները, երբեմն իրապէ՛ս գեղեցիկ ձեւով:
Երբեմն միայն մատեաններուն մէջ կը գտնենք հատ ու կենտ մանրանկարներ, ինչպէս Միանձնուհի Սահակադուխտ
Սիւնեցիին նկարը, որ Սուրբ Ստեփանոսի քոյրն էր եւ կը բնակէր Գառնիի ձորին քարանձաւներէն մէկուն մէջ, կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ հասցնելով չափահասութեան՝ քահանայութեան կը կարգէր: Իսկ ինքը, վարագոյրի ետեւ նստելով, կ’ուսուցանէր աշակերտներուն:
Այլ անուն մըն է իշխանուհի Խոսրովիդուխտ Գողթնացին, քոյրը Գողթնի իշխան Վահանին, որուն նահատակութեան նուիրուած շատ գեղեցիկ տաղ-շարական մը յօրիներ է «Զարմանալի է ինձ» տողով սկսող:
Ոչ բոլոր հայ գրչուհիներուն մասին մեզի տեղեկութիւններ հասած են, բայց կան աւելի քան քսան գրչուհիներ, որոնց անունները մնացած են պատմութեան մէջ եւ որոնք սերունդներուն ձգած են իրենց ընդօրինակած չքնաղ էջերը: Անոնք ընդօրինակած են ձեռագրեր, նկարազարդած են զանոնք եւ մասնակցած՝ հայ ձեռագիր արուեստը պահելու, պահպանելու սրբազան գործին: Գրչուհիներուն մէկ մասը իրենց կեանքը վանքին նուիրած կոյսեր ու միանձնուհիներ եղած են:
Այս անուններէն ամէնէն հետաքրքրականը Ալիծ Տարսոնացին է, որ ապրած ու ստեղծագործած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ։ Լեւոն Գ. թագաւորի (1236-1289) ժամանակակիցն էր եւ իր ժամանակի լաւագոյն վայելչագիր գրչուհիներէն: Կոյս մնացած է, քանի որ ինչպէս պատմական տուեալները կը վկայեն, փորձած է ամուսնանալ իրեն նման գեղեցիկ ձեռագիր ունեցող տղամարդու հետ: Ան յայտարարած է այդ մասին, բայց չէ գտնուած այն տղամարդը, որուն ձեռագիրը գոհունակութիւն պիտի պատճառէր գրչուհիին եւ պիտի դառնար անոր կեանքի եւ գործի ընկերը: Բայց իր իսկ գրած տաղաչափեալ տողերուն մէջ կ’ըսէ.
Ասեն, թէ էր կոյս մի ի Տարսոն, եւ անունն Ալիծ, որ եւ
նա էր գրագիր յոյժ հմուտ։ Գրեաց զայբուբենս եւ ասաց,
թէ՝ Ով ոք որ սմա նմանեցընէ, նա՛ է իմ տեսոյն արժանի։
Որ եւ գրեալ՝ բերին զերկուքն։ Ոչ հաւանեալ՝ ասէ.
Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝
Չի՛ նմանիր գիրն Ալիծին։
Եւ դարձեալ ասէ վասն ուզողացն, թէ՝ Ով որ գրէ
Զծայրն Ձա-ին, զծակն Ծա-ին,
Նա՛ կու լինայ փեսայ Ալիծին։
Եւ ոմն ի նոցանէ գրեալ եդիր, եւ հաւանեալ ասէ.
Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝
Կու նմանի՛ գիրն Ալիծին։
Այս օրինակը ցոյց կու տայ թէ որքան ազատ եղած է հայ կինը, իր կողակիցը ընտրելու չափ, եւ որքան լաւ գիտցած է իր ուզածը, գոնէ Ալիծ Տարսոնացիի պարագային:
Մարուշ Երամեան