Աստուածաշունչի առաջին չինարէն թարգմանութիւնը կատարուած է 19- րդ դարու սկիզբը, եւ գրական շրջանակները քաջածանօթ են այս իրականութեան։ Թարգմանութիւնը եղած է հայ վաճառականի մը աշխատանքով, հետեւաբար հաւանական է նաեւ որ հիմք ունեցած է հայկական բնօրինակը:
Սերամպուրի մէջ, 19-րդ դարու սկիզբը, Հնդկաստանի գլխաւոր նահանգապետը հիմնեց «Ֆորթ Ուիլիամ Գոլէճը / Կալկաթա» (Fort William Collage / Calcutta), որպէս արեւելագիտութեան կրթական եւ գիտական կեդրոն։
Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ գոլեժի ուսանողներուն չինարէն ուսուցման համար մասնագէտի որոնումէն ետք, Սերամփոր բերաւ ոչ այնքան յաջողակ, սակայն տաղանդաւոր ու բազմալեզու վաճառական մը, յանձին՝ փրոֆ. Յովհաննէս Ղազարեանի, ճանչցուած էր որպէս Prof. Johannes Lassar:
Յովհաննէս Ղազարեան, Չինաստանի հայ գաղութի զաւակ, ծնած է 1778-ին Չինաստանի Մաքաու, այժմ Աոմին քաղաքը, սերած է հարուստ վաճառական ընտանիքէ։ Նախնիները եղած են Նոր Ջուղայէն. ան փոքր տարիքին տան երկու չինացի սպասաւորներէն կը սորվի չինարէն։ Հետագային հայրը Կուանճոյէն Գանթոն կը հրաւիրէ կարող ուսուցիչ մը, որուն շնորհիւ Յովհաննէս կը կատարելագործէ իր լեզուն: Յովհաննէ կը խօսէր հայերէն, չինարէն, անգլերէն եւ փորթուկալերէն. Նկատի ունենալով որ Մաքաուի մէջ 16-րդ դարէն կը գործէր փորթուկալական առեւտրական կեդրոն մը, սակայն Յովհաննէսի մայրենի լեզուն հայերէնն էր։ Յովհաննէս իր ասպարէզը կը սկսի Գանթոնէն՝ աշխատակցելով փորթուկալական կեդրոնի գրասենեակին հետ:
Ան կը խմբագրէ Փեքինի Կայսեր Արքունիք ուղարկուող փորթուկալերէն նամակները: 24 տարեկանին երիտասարդ Յովհաննէս կ’ուզէ շարունակել ընտանեկան աշխատանքը եւ այդ նպատակով ալ 1802-ին կ’ուղղուի Հնդկաստան / Կալկաթա. Սակայն գործի ձախող ընթացքին բերումով կը հրաժարի առեւտուրէն եւ ի գործ կը դնէ իր լեզուական հոյակապ կարողութիւնները։ Այսպէս ան կը գրաւէ բրիտանացի պաշտօնեաներու ուշադրութիւնը ու աւելի յաճախ մարդիկ կը սկսին խնդրել իրմէ թարգմանել կամ խմբագրել չինարէն նամակներ։
Բողոքական միսիոնարներու հետ ծանօթութիւնը Ղազարեանը կը հասցնէ Կալկաթայի մօտ գտնուող Սերամփոր քաղաք, ու վերջապէս Ֆորթ Ուիլիըմ գոլէճի տնօրէնութիւնը զինք կը հրաւիրէ աշխատանքի, խնդրելով գոլէճի ուսանողներուն սորվեցնել չինարէն ու թարգմանել Աստուածաշունչը տարեկան 450 անգլիական ոսկիի դիմաց։ Յ.Ղազարեան կը սկսի սորվեցնել չինարէն ու թարգմանել Աստուածաշունչը, հիմք ընդունելով Աստուածաշունչի անգլերէն եւ հայերէն օրինակները։ Ան կը թարգմանէ Յովհաննու Աւետարանը երեք տարուան ընթացքին, առաւել  Մատթէոսի Աւետարանը եւ այլ գլուխներ:
Երիտասարդ թարգմանիչին աշխատանքով հիացած էր գոլէճի տնօրէն Դ. Պրաունը։ Ան իր Լոնտոն ուղարկած նամակներէն մէկուն մէջ գրած է. «Լասսար ինծի ղրկեց Աստուածաշունչի գլուխներու չինարէն թարգմանութիւնները, որոնք իր մտքի ու աշխատասիրութեան մարմնացումն են։ Փրօֆ. Լասսար իսկական չինացի մըն է, ան կրնայ դիւրաւ չինարէն գրել ու խօսիլ։ Եթէ Աստուած անոր 5-6  տարի եւս կեանք պարգեւէ, Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ չինարէնի կը թարգմանէ, այդպիսով մեծ աշխատանք մը ի կատար ածելով»:
Բենկալի Արեւելագիտութեան կեդրոնի աշխատակիցներուն կողմէ 1807-ին Մաթէոսի Աւետարանին մէկ օրինակը թարգմանուած չինարէնի, գեղագրուած ձեռագիրով եւ զարդարուած փրոֆ. Յովհաննէս Ղազարեանի կողմէ, հանդիսաւոր կերպով կը յանձնուի Քենթերբերիի արքեպիսկոպոսին, որ բարձր կը գնահատէ թարգմանութիւնը։ Ապա կը յանձնուի նաեւ Լամբեթի գրադարանին։
1815 – 1822 թուականներուն Հին եւ Նոր կտակարաններու չինարէն թարգմանութիւնը կ’աւարտի եւ կը հրատարակուի. այդ թարգմանութիւնները լոյս կը տեսնեն «Շենթեան Շենշու»-էն մէկ տարի առաջ։ Վերջինս որ թարգմանուած էր Ռոպերթ Մորիսոնի եւ Ուլիըմ Մեյնի կողմէ:
Յովհաննէս Ղազարեանի վաղաժամ մահը խանգարեց իր աւարտական աշխատանքները, սակայն Մաթէոսի, Ղուկասի եւ Մարկոսի Աւետարանները Ղազարեանի թարգմանութեամբ համարուած են Աստուածաշունչի չինարէն լաւագոյն թարգմանութիւններէն:
Աղբիւր
Ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճարեանի գիտական աշխատասիրութիւններ:
ՀՀԳԱԱ (Պատմութեան ինստուտի հայ գաղթօճախներու եւ Սփիւռքի գիտաշխատող) Գիտ. Թեկ. Ա. Բախչինեանի աշխատասիրութիւններ: 
Ճրտրգ. Կարպիս Մինասեան