2020 տարուան Յունուար ամսուան օրերէն մէկն էր: Նստած էի Դպրեվանքին մէջ ինծի յատկացուած գրասեղանին ետեւ: Կը խորհրդածէի Դպրեվանքին մասին: Յանկարծ մտածումս թուղթին յանձնելու գաղափարը յղացայ: Հայերէն լեզուի տետրակէս էջ մը պատռեցի եւ սկսայ գրել: Մտաճանապարհս սկիզբ առաւ Կիլիկիոյ պարպումին սրտաճմլիկ պատահարէն, հասայ Անթիլիաս, ներկայ գտնուեցայ Դպրեվանքի բացման հանդիսութեան (1930), Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին հետ բարձրացայ Պիքֆայա (1977-1978), դիտեցի անոր համալիրին բոլոր մանրամասնութիւնները՝ Ս. Նահատակաց Խորանը, Սարդարապատի կրկնօրինակը, Ցեղասպանութեան յուշարձանը, պատին վրայ հանգչած հայկական ազգային-մշակութային քանդակները, վեհարանը, Լուսաւորիչին աղբիւրը, Ս. Աստուածածին մատուռ-եկեղեցին, տուն-շէնքն ու անոր վրայ արձանագրուած «Խորհէ՛ եւ մտի՛ր» գրութիւնը, տուն-շէնքին մուտքին գտնուող խորանիկը, ընդունարանը, սերտարանը, դպրոցը եւ ննջասենեակները:
Մօտեցած էի գրութեանս աւարտին, երբ յանկարծ տեսուչ հայր սուրբը ներս մտաւ ու ժպտադէմ հարցուց. «Ի՞նչ կ’ընես»: Պահ մը պապանձեցայ. եթէ «դաս կ’ընեմ» պատասխանէի, ստած պիտի ըլլայի, իսկ եթէ «շարադրութիւն մը կը գրեմ» պատասխանէի, պիտի ըսէր. «Ինչո՞ւ դաս չես ըներ»:
Ուստի, արագօրէն թուղթը հայր սուրբին յանձնեցի: Տեսուչ հայր սուրբը սկսաւ լրջադէմ կարդալ, յանկարծ ժպիտ մը գծագրուեցաւ անոր երեսին եւ ըսաւ. «Չէի գիտեր, թէ այսքան լաւ կերպով շարահիւսելու եւ գրելու կարողութիւնը ունիս»: Այդ պահուն «շունչ մը քաշեցի»՝ ուրախանալով, որ յանդիմանութենէ պրծած եմ: Հայր սուրբը շարունակեց կարդալ: Գրութեանս ընթերցումը աւարտելէ ետք, Տեսուչը առաջարկեց, որ գրութիւնս «Գանձասար» թերթին ուղարկեմ: Պատախանեցի. «Հա՛յր սուրբ, իմ գրութիւնը սխալներով լեցուն է, ո՞ր թերթը պիտի ընդունի զայն տպել»:
Տեսուչը ըսաւ. «Գրութիւնդ «մաքուրի՛ անցուր» եւ ինծի՛ բեր: Ես կը սրբագրեմ եւ կ’ուղարկեմ «Գանձասար» թերթին: Խմբագրուհին կը ճանչնամ, շատ ազնիւ տիկին մըն է: Վստահ եմ, որ ուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ մեր փափաքին: Երկրորդ. այս գրութեան հրապարակումը թէ՛ քեզի եւ թէ՛ Դպրեվանքին համար մեծ ուրախութիւն է»: Այս մէկը արտասանելէ ետք, Հայր սուրբը դուրս եկաւ դասարանէն, իսկ ես Հայերէն լեզուի տետրակէս նոր թուղթ մը խլեցի եւ սկսայ «մաքուրի անցընել»:  Տասը վայրկեան ետք, արդէն կը թակէի տեսուչ հայր սուրբին դուռը: Հայր սուրբը թուղթը առնելով ըսաւ. «Վաղը առաւօտ կը խօսինք»:
Առաւօտուն Հայր սուրբը կարմիր քարտէզի վերածուած թուղթը տալով, յանձնարարեց, որ «մաքուրի անցընեմ» եւ դարձեալ յանձնեմ: Թուղթս չորս անգամ սրբագրուելէ ետք, 29 Յունուար 2020-ին ուղարկեցինք «Գանձասար»-ի խմբագրատուն: Ես Թովմասեան հոգեբանութեամբ տակաւին չէի հաւատար, որ խմբագրուհին պիտի ընդունէր գրութիւնս տպել: 31 Յունուարի առաւօտեան, դասընկերներէս մէկը մօտենալով իմացուց, թէ տեսուչ հայր սուրբը զիս կը փնտռէ: Յովազի արագութեամբ փութացի տեսչարան: Տակաւին չմտած, Հայր սուրբը ըսաւ. «Քեզի չըսի՞, որ գրութիւնդ պիտի տպուի: Եկո՛ւր եւ նայէ՛»:
Տեսուչ հայր սուրբն ու «Գանձասար» թերթին խմբագրուհին Հայերէն լեզուին հանդէպ ունեցած մասնակի սէրս վերածեցին անսահման սիրոյ: Անձնական դասացուցակիս մէջ Հայերէն լեզուի դասապահերը արդէն ցայտուն (highlight) էին: Անհամբեր կը սպասէի Հայոց լեզուի դասապահերուն: Դասընկերներս կը նեղանային Հայերէն լեզուի պահերուն հարցուցած տեղի թէ անտեղի հարցումներէս եւ մանաւանդ գրաւորի առաջարկներուն արտասանած մեքենայական (automatically) «այո»-ներէս: Ուղղագրական սխալներս տակաւ առ տակաւ նուազեցան: Գրական գիրքերու ընթերցման սէրս առաւել աճեցաւ, ինչպէս նաեւ շարադրական պարտականութիւններու առաջարկներս աւելցան: Զարմանալիօրէն սկսայ սիրել հայ լեզուն, հայ երգը, հայ ազգը եւ մեր զոյգ հայրենիքները՝ Հայաստանն ու Արցախը: Երբեմնի մարզանքը սիրող տղան, վերածուեցաւ նստակեաց գործերը սիրող անձի: 2021-ին սկսայ աշխատակցիլ նաեւ Լիբանանի մէջ ի լոյս բերուող «Ազդակ» թերթին: Ահաւասիկ կը տեսնէք, թէ աստուածապարգեւ շնորհքներուն նկատմամբ տածուած քաջալերանքն ու գնահատանքը ինչպիսի՛ հրաշքներ կը գործեն ու փոփոխութիւններ կը բերեն մարդուս կեանքին մէջ:
«Գանձասար» թերթը միշտ յատուկ տեղ ունեցած է սիրտիս ամէնէն նուիրական սենեակին մէջ: Մանկութեանս օրերուն, խանդավառութեամբ եւ անհամբերութեամբ կը սպասէի «Գանձասար» թերթին շաբաթական լուսաբերումին, որպէսզի անոր մէջէն «Կկու»-ն առնելով մօրս յանձնէի, որպէսզի վերջինս անոր բովանդակութիւնը կարդար: Երբ պատանի եղայ, սկսայ «Կկու»-ին բովանդակութենէն տարբեր պարունակութիւն ունեցող նիւթեր փնտռել: Կը սիրէի խմբագրականները կարդալ եւ մանաւանդ մօրաքրոջս՝ Պերճուհի Աւետեանին, գրութիւն-պատմուածքները: Սակայն չէի կարծէր, թէ օր մը իմ գրութիւններն ալ հոն պիտի տեղադրուէին:
Գրութիւններուս տեղադրման պատճառը եթէ սկզբնական շրջանին տեսուչ հայր սուրբն էր, սակայն անկէ ետք «Գանձասար» թերթին այժմու խմբագրուհին ի՛նք էր: Երբ յիշեալ տեսուչը ուրիշ պատասխանատուութիւն մը ստանձնելով հեռացաւ վանքէն, խմբագրուհին ի՛նք եղաւ զիս մղող ուժը. երբ քիչ մը կ’ուշանայի յօդուած ուղարկելու, յաջորդ օրը դիմատետրիս նամակներու բաժինին (messenger) մէջ կը կարդայի. «Այս շաբթուան համար գրութիւն մը չունի՞ս»: Սակայն ամէնէն շատ ուշադրութիւնս գրաւող բանը այն էր, որ խմբագրուհին զիս «Գանձասար» թերթին աշխատակից նկատելով,  խմբագրութեան կողմէ աշխատակիցներուն ուղղուած պաշտօնական նամակներէն կ’ուղարկէր: Իսկապէս զարմանալի բան է: Ես ո՛չ մտաւորականներու կարգին դասուող, ո՛չ հայերէն լեզուին տիրապետած, ոչ ալ պայծառ գրիչի տէր անձ մը, թերթի աշխատակի՞ց նկատուիմ: Այս ազնիւ վերաբերմունքը զիս առաւել մղեց խորանալու գրական աշխարհին մէջ՝ սորվելով արտայայտութեան նոր ձեւեր, գրական դարձուածքներ եւ գրութիւնը համեմող բառեր, տառախաղեր եւ նորանոր մեթոտ-ձեւեր:
«Գանձասար» թերթը այս տարի կը նշէ իր 30-րդ տարեդարձ-ամեակը: Անշուշտ այս մէկը մեծ ուրախութիւն է թերթին խմբագրութեան, պաշտօնէութեան, աշխատակիցներուն եւ մեր ընթերցասէր ժողովուրդին համար, սակայն անոր կողքին անիկա մեծ ուրախութիւն է սփիւռքահայութեան եւ մանաւանդ՝ հալէպահայութեան համար: Սփիւռքահայութեան համար ուրախութիւն է, որովհետեւ կը փաստէ, թէ ցեղասպան թուրքին ծրագիրը՝ մեր մարմինները սպանելու կողքին մեր մշակոյթն ու գրականութիւնը սպանելու, չյաջողեցաւ եւ մենք տակաւին նոյնիսկ օտար հողերու վրայ կը շարունակենք մեր լեզուն, մշակոյթն ու գրականութիւնը վեհ ու վեր պահել:
Իսկ հալէպահայութեան համար ուրախութիւն է, որովհետեւ հակառակ երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններուն, պատերազմին թողած անամոքելի հետք-սպիներուն եւ համաշխարհայնացման (globalization) գործած աւերներուն, հալէպահայութիւնը «Գանձասար» թերթին շարունակական լուսաբերումով, համայն աշխարհին եւ մանաւանդ՝ ցեղասպան թուրքին ցոյց կու տայ, թէ ինք դեռ կարելիութիւնը ունի հայոց լեզուին դրօշը բարձր պահելու, անոր շունչին ու ոգիին հաւատարիմ մնալու եւ զայն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ յաջորդող նոր սերունդներուն կտակելու:
Գրութեանս ափեզրին հասնելով, կը մաղթեմ, որ «Գանձասար» թերթը շարունակէ իրեն տրուած մաշտոցեան գիրին մատակարարման առաքելութիւնը, մնայ միշտ նո՛յն բարձրունքին վրայ եւ ինչու չէ՝ ատկէ աւելի վեր ալ բարձրանայ: Տայ Աստուած, որ «Գանձասար» թերթին յաջորդող ամեակներուն էջերը լեցուին հայ ազգին իրարայաջորդ յաջողութիւններով եւ հայու դրականութեան (positivity) ոգիով:  Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ 30 թիւը խորհրդանիշ է նուիրման եւ կոչման գիտակցութեան: Աղօթող եմ, որ աստուածաշնչեան 30 թիւին իմաստը ներթափանցէ «Գանձասար» թերթին խմբագրութեան, պաշտօնէութեան եւ աշխատակիցներուն միտքերուն մէջ, որպէսզի նորոգուած ոգիով ու շունչով շարունակեն իրենց վստահուած հայապահպանման իւրայատուկ առաքելութիւնը:
Բարի երթ եւ անսահման յաջողութիւն:
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան