«Մայրերու Օրուան» տօնակատարութիւնը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկն է, որ ամէն տարի Մարտ ամսուն տեղի կ՚ունենայ եւ որուն ընթացքին վեր կ՚առնուին հայ մօր դերն ու ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը հայ կեանքէն ներս, որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն գուրգուրանքի ձեռք երկարող կանացի կազմակերպութիւն։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան, «Մայրերու Օրուան» տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան նստավայրի եւ շրջաններու անդամներուն, թեմի Ազգ. Վարչութեան, հոգեւոր հայրերու, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու եւ խաչուհիներու։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։

Բացման հայերէն խօսքով Շրջ. Վարչութեան անդամ Մարալ Մանուէլեան լուսարձակի տակ առաւ յոգնիլ ու ընկրկիլ չգիտցող արարածին՝ մօր դերը ընտանիքին ու ազգին մէջ, որպէս զոհողութեան ու նուիրումի խորհրդանիշ։ Ապա շեշտեց, որ 105-ամեայ ՍՕ Խաչը, որպէս ՀՕՄ-ի միաւորներէն մէկը, իր տաս մասնաճիւղերով եւ Շրջանային յանձնախումբերով զօրակոչի ենթարկած է իր անդամուհիները՝ այլազան պայմաններու մէջ երկրի բոլոր շրջանները հասցնելու միութեան օժանդակութիւնները՝ իր համեստ լուման բերելով մարդասիրական վեհ գործին։

Արաբերէն բացման խօսքով ՍՕ Խաչի պետական վարչութեան ատենապետ Լենա Էլէյճեան դիտել տուաւ, որ Մայրերու տօնը իր խորհուրդով այլազան տօներ կը մէկտեղէ, որովհետեւ կ՚ընդգրկէ սէր, գուրգուրանք, ծառայութիւն, դաստիարակութիւն եւ սերունդներու շարունակականութեան պահպանում։ Ապա այս առիթով ողջունեց Սուրիոյ Առաջին Տիկինն ու երկրի նախագահը, որոնք մեծ կարեւորութիւն կու տան մեր ընկերութեան մէջ մօր ու կնոջ դերին։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ հայ մօր տիպարին նուիրուած տեսերիզ մը «Եւ Եղեւ Մայր» խորագրով, պատրաստուած ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինին կողմէ։

Օրուան հանդիսավար Շողիկ Տէր Պօղոսեան մերթ ընդ մերթ մէջբերումներով լուսարձակի տակ առաւ մօր դերը որպէս դաստիարակ եւ հոգատար էակ։

Գեղարուեստական յայտագիրով Կալին Պալապանեան մեներգեց «Մոկաց Հարսեր» ժողովրդական երգը, պարի ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամ Ալիսիա Լախոյեանի։ Իսկ «Իրաւունքը Զէնքս է, Պիտի Դիմադրեմ» արաբական հայրենասիրական երգով հանդէս եկաւ Կարօ Գուշաքճեան։

ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան խօսքը արտասանեց Սիրան Ամպարճեան, որ շեշտեց, թէ ներկայիս ՀՕՄ-ի առաջնային պարտականութիւնը Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն զօրավիգ կանգնիլն է, որպէսզի չընկրկին ու կառչած մնան իրենց իրաւունքներուն։

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան, գնահատելով միութեան շարքերուն մէջ ծառայող բոլոր խաչուհիները եւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը, որոնք լծուած են մարդակերտումի գործին։ Ապա յայտնեց, որ ՍՕ Խաչը իր գործունէութեամբ հայանպաստ բազմաթիւ ծրագրեր կեանքի կը կոչէ։ Գէորգեան այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան, որ ինչպէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, այնպէս ալ աղէտալի երկրաշարժէն վերջ մօր գուրգուրանքով զօրավիգ կանգնեցաւ սուրիահայութեան։

Օրուան պատգամաբերն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։ Սրբազան հայրը յայտնեց որ մարդկային կեանքի մէջ իգական սեռի, մօր ներկայութիւնը կենսական է, իսկ հայկական իրականութեան մէջ մայրը աստուածատուր իր կոչումով եւ առաքելութեամբ հանդէս կու գայ։
Ապա դիտել տուաւ, որ երբ փորձենք խօսիլ մօր մասին, մեր աչքին առջեւ կը պատկերուի Ս. Աստուածածինը, որ ազնուութեան, պարկեշտութեան, հաւատարմութեան, մարդկութեան ու անբծութեան մարմնացումն է, որուն նայողն ու անոր նմանողը ճակատաբաց կը կանգնի մարդոց ու Աստուծոյ դիմաց։

Մակար սրբազան քանի մը պատկեր ներկայացուց Սրբուհի Մարիամի կեանքէն՝ սկսելով անոր յղութենէն, մինչեւ Աստուծոյ միածին որդիին ծնունդ տալն ու դաստիարակելը, ինչ որ մեծ պատասխանատուութեան տակ կը դնէր զինք։ Այլ խօսքով Մարիամ Սուրբ կոյսը մայրական աստուածատուր կոչումը կը ստանար։
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մայր դառնալը սոսկ բնական կոչում մը չէ, որովհետեւ մայրութեան կոչումին արժանացողը զԱստուած կը մարմնաւորէ։
Այնուհետեւ այլ փակագիծ մը բանալով պարզեց, որ Սուրբ Կոյս Մարիամ նախօրօք հոգեկան, ընկերային, ֆիզիքական եւ բարոյական պատրաստութեամբ հասաւ մայրութեան շնորհքին։ Ան երեք տարեկանէն իսկ տաճար ընծայուեցաւ ու ազդու եւ գործուն մայր ըլլալու համար իր մէջ զարգացուց կարողութիւններ, ինչպէս՝ համեստութիւն, ազնուութիւն, ծառայասիրութիւն, Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն ապրելու ընդունակութիւն եւ այլն։ 11 տարի պատրաստուելէ ետք Աստուսծ զինք ընտրեց եւ դարձուց Աստուածամայր։

Այնուհետեւ սրբազան հայրը պարզեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ազդու եւ գործուն մայրեր ըլլալ հետեւեալ արժանիքներով՝ առաջին. ուրիշներու նկատմամբ հոգատար ըլլալով եւ տագնապելով անոնց փրկութեան եւ բարօրութեան համար։ Երկրորդ. ընտանիքի անդամները առաջնահերթ նկատելով եւ կեանքին մէջ իրենց առաջնահերթութիւնները կարգաւորելով։ Երրորդ. գործուն եւ ազդեցիկ մայրը միշտ իր սիրելիներու կեանքին մէջ դրական ներկայութիւն կ՚ըլլայ եւ իր հանգիստը չի գերադասեր։ Չորրորդ. երբ ուրիշներ ներքին ապահովութեան զգացումով կրնան մօրմէն կախեալ ըլլալ։ Հինգերորդ. երբ ատակ կը դառնան ընտանիք եւ ոչ թէ սոսկ տուն կազմելու։ Վեցերրորդ. երբ մեծագոյն քաջալերողը կ՚ըլլան իրենց ընտանիքին եւ սիրեցեալներուն ու վերջապէս՝ երբ հոգեւոր կեանք կ՚ապրին, առաջնահերթութիւն նկատելով հոգեւոր դաստիարակութիւնը։

Ապա սրբազան հայրը թուեց քրիստոնեայ մօր յատկանիշները, մէջբերելով Աստուածաշնչական համարներ։

Եւ վերջապէս սրբազան հայրը, որպէս մայրերուն նուէր, թարգմանաբար ներկայացուց պատկեր մը, ուր կը պարզուի կնոջ ստեղծումը Աստուծոյ կողմէ, երբ վեցերորդ օրը Աստուած երկար ժամանակ տրամադրելով անոր ստեղծման զինք կ՚օժտէ բազմապիսի յատկութիւններով։

Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ կը հրապարակենք «Գանձասար»-ի Մարտ Դ. համարով։

Բանախօսութեան աւարտին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ու ողջ ընտանիքին անունով, ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան շնորհաւորեց սրբազան հօր Արքութեան տիտղոսի արժանանալը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ, ինչպէս նաեւ նոյն օրուան զուգադիպող սրբազան հօր տարեդարձը եւ այս առիթներով խորհրդանշական յուշանուէր մը փոխանցեց Մակար սրբազանին։
Տօնակատարութիւնը աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ ՀՕՄ-ի, ՍՕԽ-ի եւ Արցախի քայլերգներով։

Թղթակից