Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հայ Ծերանոցի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի վերջին արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգեշնորհ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, պատուելի Ասատուր Մնչերեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան, Հայ Ծերանոցի խնամակալութիւնը, տնօրէնուհի բժշկհ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս, Տիկնաց Օժանդակ Յանձնախումբը, պաշտօնեաներ եւ պատսպարեալներ: Արարողութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:

Սրբազան Հայրը օրուան խորհուրդը փոխանցեց ներկաներուն, յայտնելով, որ այսօր Արեւագալի եւ Հսկումի վերջին օրն է, համաձայն մեր եկեղեցւոյ սրբազան հայրերուն հաստատած կարգաւորումին: Ան նշեց, թէ քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աղօթքներով իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը հրաւիրուի իր ներաշխարհը մաքրելու եւ արթուն վիճակի գալու: «Քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքը այն գեղեցիկ պահն է, ուր մեր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կտրենք աշխարհէն եւ կը դարձնենք մեր ներաշխարհին վրայ: Աղօթքներուն ճամբով աստուածային իմացական լոյսն է, որ Աստուծոյ խօսքին ճամբով մեզ կը լուսաւորէ։ Այդպիսով, մեր ներաշխարհին անկիւնները ծուարած մեղքերուն անդրադառնալով, Ս. Հոգիին հաճութեամբ կը փշրենք մեր անձերը, կը խոստովանինք մեր մեղքերը, կը խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ եւ Քրիստոսի արեամբ կը սրբուինք», հաստատեց Սրբազան Հայրը:

Մակար Սրբազան անդրադառնալով արարողութեան ընթացքին հնչած մաղթանքներուն եւ աղօթքներուն, յայտնեց, թէ այսօր ամբողջ աշխարհը կը տառապի խաղաղութեան պակասէ: Հետեւաբար, երբ խաղաղութիւն կը խնդրենք, անհրաժեշտ է որ խաղաղութեան տուիչը՝ Քրիստոսը ունենանք մեր կեանքին մէջ:
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ամենակալը Ս. Հոգիով լեցնէ մեր սրտերը եւ առաջնորդէ մեր քայլերը, իմաստութիւն շնորհէ եւ գիտակցութիւն տայ, որ ամէն անգամ երբ յանցանք գործենք, շուտով անդրադառնանք եւ խոստովանինք մեր մեղքերը: Ան մաղթեց, որ Ամենակալը առողջութիւն տայ Հայ Ծերանոցի տարեց հայրերուն եւ մայրերուն եւ առաւել զօրացնէ մեզ, որպէսզի յառաջիկայ արարողութիւններուն ճամբով հոգեպէս պատրաստուինք եւ արժանի ըլլանք Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին, որ Ս. Յարութեան ճամբով մեզի կը տրուի:

Արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը, Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան եւ Տիկնաց օժանդակ յանձնախումբին հետ հանդիպում ունեցաւ, որուն աւարտին կարկանդակի հատում կատարուեցաւ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տարեդարձին, Արքութեան տիտղոս ստանալուն, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանի վարդապետի աստիճան ստանալուն ուրախ առիթներով: Խնամակալութեան ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հայ Ծերանոցի ընտանիքին անունով շնորհաւորեց Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը եւ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Պարիխանեանը եւ յուշանուէր փոխանցեց անոնց։ Հայ Ծերանոցի տնօրէնուհին այս ուրախ առիթով ծաղկեփունջ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Այնուհետեւ, ներկաները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ: