Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշհ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի 14 Մարտ 2024-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. ՊԷրպէրեանի, թաղականութեան,ՍՕԽ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեանի եւ Հասիչէի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութեան։

Հանդիսավար Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեանը, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ մօր դեր ընտանիքին մէջ, որպէս խարիսխ եւ ապաւէն՝ դիմագրաւելու կեանքի զանազան դժուարութիւնները։

Այնուհետեւ վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ Ասիա Պետրոսեանը, որպէս Գամիշլիի Թաղականութեան կազմի անդամ առաջին տիկինը։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ գնահատեց վարչութեան եւ յանձնախումբին աշխատանքը, շնորհաւորեց մայրերը իրենց տօնին առիթով եւ լուսարձակի տակ առաւ հայ մայրերուն առաքելութիւնը։

Մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ ասմունքեց Ալիք Մատարճեան։
Ապա տեղի ունեցան մրցումներ, վիճակահանութիւն եւ ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ տօնական երեկոն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն