ԳԱՄԻՇԼԻ- Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ծաղկազարդի Տօնը։

Ս. եւ անմահ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Պատարագի ընթացքին ձիթենիի ճիւղերը օրհնուեցան, ապա հայր սուրբը Ծաղկազարդի խորհուրդը բացատրեց հաւատացեալներուն։

Պատարագի աւարտին մանուկներու թափօր կազմուեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներում, դպրաց Դասին եւ Հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ։
Թափօրը անցաւ Ասորի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմացէն, շրջելով վերադարձաւ դէպի Փոխանորդարանի շրջափակը, ուր վերջին Աւետարանը կարդացուեցաւ։

Աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Փոխանորդարանի շրջափակէն ներս ընդունեց ժողովորդին զաւակները, որոնք իրենց երեխաները մօտեցնելով ստացան Հայր Սուրբին օրհնութիւնը եւ անոր պատրաստած նուէրները մանուկներուն։

Իսկ երեկոյեան Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան նախագահեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Դռնբացէքի արարողութեան եւ կատարեց զայն ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեանի։

Վարագոյր բանալու կնքահայրն էր փոքրիկն Արցախիկ Պարսումեան։

ՀԱՍԻՉԷ- Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ծաղկազարդի Տօնը։ Պատարագեց եւ քարոզեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան։
Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն։

ՏԵՐԻՔ.- Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ծաղկազարդի Տօնը։ Պատարագեց եւ քարոզեց Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն։