24 Մարտին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակի բացման արարողութիւնը․ նշանակալի իրադարձութիւն մը անոր հիմնադրութենէն՝ 2002 թուականէն ի վեր:
Ի խորհրդանշում Հայ Դատի առաքելութեան օժանդակութեան՝ կարմիր ժապաւէնը կտրած են Մայք և Էվելինա Սարեաններ, որոնց ընտանիքի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ ձեռք բերուած է նոր գրասենեակը։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են տասնեակ հիւրեր՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի երկարամեայ բարերարներ Րաֆֆի Արսլանեան եւ Ատոմ Թենճուկեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպական Միութեան ՀՀ առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան, պելճիքացի պատգամաւորներ, լրագրողներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։
Բացման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հնչած ելոյթներուն երախտագիտութեան խօսքեր ձօնուած են բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եւ կ’ունենան ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն։ Ներկաները, կարեւոր համարելով Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին դերը առհասարակ Հայ Դատի պաշտպանութեան համար, իրենց բարեմաղթանքները յղած են գրասենեակի ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքին։
Մայք Սարեան, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, նշած է. «Իսկապէս մեծ պատիւ է Պրիւքսելի մէջ նուիրաբերութիւն կատարել ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին՝ ի յիշատակ մեր հօր՝ Երջանիկ Սարեանի։ Երջանիկը, որ հայերէն կը նշանակէ «երջանիկ», կը մարմնաւորէ մեր իղձը, անիկա է՝ այս գրասենեակը երջանկութեան աղբիւր դառնայ բոլոր այն հայերուն համար, որոնք հաւատարիմ են Հայ Դատի յառաջխաղացումին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Մեծ յաջողութիւններ կը մաղթենք գրասենեակի անձնակազմին եւ մեր համայնքի անդամներուն՝ յուսալով, որ աւելի շատ ձեռքբերումներ կ’ունենանք այս մռայլ օրերուն մէջ»։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով Մայք Սարեանին եւ անոր ընտանիքին՝ յայտնալ է. «Խորապէս շնորհակալ ենք պարոն Սարեանին եւ անոր ընտանիքին իրենց առատաձեռնութեան համար: Իսկապէս պատիւ է, որ մեր գրասենեակը կը կրէ հանգուցեալ Երջանիկ Սարեանի անունը: Այս գրասենեակը կը խորհրդանշէ բոլորիս տունը՝ նուիրուած հայ ժողովուրդին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելուն, յառաջ մղելով Հայ Դատի պայքարը։ Մենք հաւատարիմ ենք այդ նպատակին»:
Նոր գրասենեակի բացումը նշանակալից յառաջընթաց է Հայ Դատի գրասենեակին համար եւ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը հայկական պետականութեան յառաջխաղացման եւ Եւրոպայի մէջ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
25.03.2024