Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Յովակիմ Սրբազանին հրաւէրով Լոնտոն գտնուող Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան 17 Մարտին Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնէն ներս հանդիպած է Մեծն Բրիտանիոյ հայ համայնքին հետ։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի Հայոց Թեմին հովանաւորութեամբ, Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:

Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանէն ներս՝ յատկապէս Ներքին Հանդ, այնտեղ ստեղծուած մարդկային իրավիճակը, քննարկած է ցեղասպանական շրջափակումէն ետք Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտումները եւ անդրադարձած Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցին։

Ձեռնարկին մասնակիցները նաեւ շեշտած են Սփիւռքի համախմբման կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով։

Համայնքի անդամները բանախօսին հարցումներ ուղղելու կարելիութիւն ունեցած են։

Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ յանձնախումբի նախագահ Անեթ Մոսկոֆեանի ուղեկցութեամբ՝ 18 Մարտին Թաթոյեան այցելած է Ուեսթմինսթերեան պալատ եւ հանդիպած է Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն, այդ կարգին խումբի նախագահ Թիմ Լոթնի հետ:

Թաթոյեան խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնազաւթումները, Արցախի ցեղային զտումները, սահմանային անվտանգութեան և սահմանամերձ գիւղերու եւ քաղաքներու բնակչութեան իրաւունքներու խախտումները և այլն։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
19.03.2024