Հայաստանն ու Ռուսիան կը մնան եղբայրական երկիրներ՝ չնայած յարաբերությծիւններու առկայ դժուարութիւններուն։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը՝ մէջբերելով Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի խօսքերը։
Անոր կարծիքով՝ Հայաստան Ռուսիոյ համար «նոյնիսկ աւելին է, քան եղբայրական երկիր»՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ երկու երկիրները այժմ կ՚ապրին «յարաբերութիւններու բաւական բարդ շրջան»։
Տմիթրի Փեսքով նաեւ յայտնած է, որ «Ռուսիոյ քաղաքացի հանդիսացող հայերուն տնտեսական աշխուժութիւնը կը կազմէ Հայաստանի ընդհանուր պիւտճէի շատ մեծ տոկոս»՝ տարեկան քանի մը միլիառ տոլար։
«Յոյսով ենք, որ Երեւանի մէջ մեր յարաբերութիւններու զարգացումը շարունակելու քաղաքական կամք կը տիրէ, և մենք յաջողութեամբ կ՚անցընենք այս դժուար շրջանը», եզրափակած է Փեսքով։