Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կոպախիձէ Հայաստան այցելութեան առիթով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Վրաստան յարաբերութեան ըսաւ.

«Մենք տարիներ շարունակ համագործակցած եւ եղբայրական յարաբերութիւններ ունեցած ենք: Մեր նպատակն է խորացնել համագործակցութիւնը և աջակցիլ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ այս հռչակագիրը հիմնոպած է մեր ընդհանուր սկզբունքներուն վրայ: Նիկոլ Փաշինեան կ՚աջակցի Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան, ես, անշուշտ, առանց վերապահումներու կ՚աջակցիմ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան»:

Վրաստանի վարչապետը յայտնեց, որ զրուցած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ միատեղ ջանքերով պէտք է պայքարիլ առկայ մարտահրաւէրներու դէմ: Վրաստան կ՚աջակցի կայունութեան, խաղաղութեան եւ միատեղ ապրելու ջանքերուն Հարաւային Կովկասի տարածքին: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջև խաղաղութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի: