Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպանատունը սուրիական դրօշը կիսով չափ խոնարհեցուց դեսպանատան կեդրոնէն ներս՝ Մոսկուայի աւաններէն մէկուն մէջ «Քրոքոս հոլ» առեւտրական շուկային մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի զոհերուն յիշատակը յարգելով։

Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ մէջ ազգային սուգ յայտարարուեցաւ։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած իր խօսքը ուղղեց Ռուսիոյ ժողովուրդին եւ 24 Մարտ 2024-ը Ռուսիոյ մէջ սուգի օր յայտարարեց։