Նախագահ Պաշար ալ-Ասատ ցաւակցական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, ուր իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի արուարձանը գտնուող Crocus Mall-ի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն առիթով։ Նախագահ Ասատ իր ցաւակցական ուղերձին մէջ ըսած է. «Մենք մեր խորին ափսոսանքը կը յայտնենք Մոսկուայի արուարձաններուն մէջ գտնուող առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ահաբեկչութեան հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար, եւ մեր կարեկցանքն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք ժողովուրդին, զոհերու ընտանիքներուն եւ սիրելիներուն»։