Հինգշաբթի, 21 Մարտին, երբ դուրսի տեղատարափ անձրեւը Կը դիտէիք, նշմարեցիք խումբ մը երիտասարդներ, ձեռքերնին բոյս մը, տան մը առջեւ կեցած կը սպասեն, կը հեռաձայնեն… մտաբերեցի՞ք թէ ովքեր են անոնք, ի՞նչ կընեն։

Անոնք Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան երէց ընկեր-ընկերուհիներն են, որոնք երկրորդ տարին ըլլալով կ’այցելեն Սուրիոյ եւ Արցախի պատերազմերու հալէպահայ նահատակներու մայրերուն։

Սոյն ծրագիրին նպատակն է՝ Մայրերու օրը յիշատակել յարգելով նահատակներու մայրերը, իրենց զաւակներուն յիշատակը վառ պահել եւ ուժ ու կորով մաղթել անոնց, որովհետեւ մայր ըլլալը պարգեւ մըն է, իսկ նահատակի մայր ըլլալը՝ պատիւ։

Ծրագիրի կազմակերպողներս, մէկ օր առաջ, պատասխանատուութեան թելադրութեամբ հաւաքուեցանք կեդրոն, բաժնուեցանք 6 խմբակներու եւ պատրաստեցինք այս տարուան յուշանուէրը՝ Aloe Vera բոյսը եւ բացիկներ։ Aloe Vera-ն բոյսի տեսակ մըն է, որ չի թորմիր, ուստի կրնար խորհրդանշել անմեռ յիշատակը նահատակներուն, որոնք թէեւ մարմնով հեռու են, սակայն իրենց ոգին ու յիշատակը յաւերժ կը մնան, իսկ բացիկները կը ներկայացնէին Մայր Հայաստանը եւ ՍԵՄ-ի անունով շնորհաւորանք։

Մայրերը, իրենց ցաւը համբերութեան ուժի վերածած, ժպտերես հիւրնկալեցին մեզ, քաջալերեցին մեր աշխատանքը, գուրգուրալի աչքերով մաղթանքներ ուղղեցին եւ մեզի հետ զրուցեցին այլազան նիւթերու շուրջ։

Գիտէ՞ք ինչ հպարտութիւն է, երբ նահատակի մը մայրը կ’ըսէ. « Իմ զաւակն ալ եղած է ՍԵՄ-ական, դուք այդ օրերուն փոքր էիք, չէք յիշեր։ Ինքն ալ ձեզի պէս այս եռանդով էր, մանաւանդ ազգային ծառայութեան մէջ»։

Սիրելի՛ մայրեր,
Կը խոստանանք շարունակել այս աւանդոյթը, ձեր զաւակներուն յիշատակը մի՛շտ վառ պահել, յիշելով իրենց սխրանքները շարունակել իրենց սուրբ գործը, մնալ մի՛շտ ազգին եւ գաղութին ծառայող տարրեր։

Կիթառ Աւընեան