ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Շնորհազարդ Վեհափառը 1 Յունուար 2023-ին, 2023  տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի (Բ.) Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»: Վերակազմակերպում եւ ինքնութիւն: Հայրապետը այս երկու կարճ, սակայն բազմիմաստ բառերով «մեր ոտքերը դրաւ գետինին վրայ»: 2022-ին Կաթողիկոսը պատուիրած էր Սփիւռքի գոյութեան համար տագնապիլ, մտածել, քննել եւ խորհրդակցիլ, իսկ 2023-ով ան մեզ կը հրաւիրէ գործի, իրակա՛ն գետնի վրայ:
Այսօրուան Սփիւռքին քայլերը կը նմանին կոյրին քայլերուն, որոնք անորոշ, անվստահ, անապահով եւ աննպատակ են: Այո՛, Սփիւռքը կը քալէ, բայց դէպի ո՞ւր: Դժուար է ճշգրիտ պատասխան մը տալ: Այդ իսկ պատճառով, Ազգընտիր Հայրապետը մեզ կը հրաւիրէ «աջ ու ձախ չխոտորիլ», այլ վերադառնալ իրապաշտ կեանքին եւ լծուիլ վերակազմակերպման լուրջ աշխատանքի:
Երբ մեր մտքերուն շողը արեւենք Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրական գործին վրայ, առաջին անունը, որ մեր դիմաց պիտի ելլէ, սուրիահայ գաղութն է: Կասկածէ վեր է, թէ սուրիահայութիւնը դարեր շարունակ դարձած է հայ կեանքի եւ իրականութեան ողնաշարն ու յենարանը՝ արտադրման կեդրոն ունենալով պատմական Բերիա (Հալէպ) քաղաքը: Մտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ հայ ու մանաւանդ սփիւռքահայ կեանքը առանց սուրիահայութեան եւ անոր մայրաքաղաք Հալէպին: Քանի՜-քանի՜ հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, գրագէտներ, արուեստագէտներ, ազգային գործիչներ, հասարակական կեանքի նուիրեալներ ծնան ու տակաւին կը ծնին անոր հայածին արգանդէն: Կ’արժէ թիւերն ու գնահատականները ունենալ մեր դիմաց՝ անդրադառնալու համար, որ անցնող դարերուն սուրիահայութիւնը ի՛նչ տուաւ հայ ազգին: Այսօր եւս, երբ թռուցիկ ակնարկ մը նետենք ամբողջ Սփիւռքին վրայ, պիտի տեսնենք թէ ղեկավարներուն մեծ մասը ծնունդն է այդ մշտահոս ու մշտապարգեւ արգանդին:
Սակայն այս օրերուն, ցաւ ի սիրտ,  սուրիահայութիւնը վիրաւոր է: Այս վիրաւորման պատճառները շատ են ու բազմազան, ինչպէս՝ սարսափաբեր պատերազմը, վախազդու Քորոնա ժահրը, տնտեսական ծո՜վ դժուարութիւնները, եւ ինչե՜ր ու ինչե՜ր… «զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»: Այս վիրաւորումը իր շօշափելի ազդեցութիւնը կը թողու ամբողջ Սփիւռքահայութեան վրայ: Երբ այս մասին կը մտածեմ, ականջներուս մէջ կը հնչէ Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքը. «Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին» (Առաջին Կորնթացիներուն 12.26): Եթէ մարմինին մէկ անդամը այսքա՜ն ցաւ կը պատճառէ, ուր մնաց երբ մարմինին կեդրոնը՝ սուրիահայութիւնը կը ցաւի:
Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի սուրիահայութիւնը կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը ունի վերակազմակերպման: Յստակ վտանգ կայ: Նկատելի  նահանջ կայ: Մարտահրաւէրներու կուտակում կայ: Գիտակից թէ անգիտակից թերութիւններ կը բազմանան: Արտադրումը կը նուազի: Երբեմնի ծաղկուն արգանդը հետզհետէ խոպան հողի կը վերածուի: Ի՞նչ է այս բոլորին լուծումը: Ի՞նչ պէտք է ընել: Ինչպիսի՞ միջոցներու պէտք է դիմել: Ի՞նչ աշխատանք պէտք է տարուի:
Վերոնշեալ հարցադրումներուն մանրամասնօրէն կը պատասխանէ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին այժմու Վեհափայլ Հայրապետը իր հռչակագիրին մէջ, որմէ պատառիկներ կ’ուզեմ ստորեւ արտագրել:
«Վերարժեւորման ենթարկել Սփիւռքի մէջ ապրող հայու ինքնաճանաչումը՝ համաշխարհայնացած մշակոյթի լոյսին տակ:
«Հայ կեանքէն ներս առանցքային դերակատարութիւն ունեցող եկեղեցւոյ բարեկարգումը նկատել առաջնային՝ զայն պատշաճեցնելով ներկայ ժամանակներու ու որոշ չափով միջավայրի իւրայատկութիւններուն ու պայմաններուն:
«Մեր համայնքներէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ինքնաքննութիւնը եւ գործունէութեան վերարժեւորումը կատարել նոր հրամայականներու լոյսին տակ:
«Մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն հետզհետէ հեռացող երիտասարդութեան հայ կեանքէն ներս ներգրաւումը ապահովել երկխօսութեան ճամբով:
«Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ կնոջ աւելի լայն ու գործօն դերակատարութիւնը երաշխաւորել:
«Համայնքի կեանքի զանազան մարզերէն ներս մասնագէտներուն ներդրումը դարձնել աւելի աշխոյժ ու հետեւողական»:
Ահաւասիկ Հայրապետին մտքէն հոսած եւ գրիչէն ծնած լուծումներն ու քայլերը, որոնք պիտի կարողանան Սփիւռքն ու սուրիահայութիւնը վերակազմակերպել բառին ամբողջական ու հարազատագոյն իմաստներով: Անշուշտ այս լուծումները միայն չեն բեռցուիր ղեկավարներուն ուսերուն, այլ՝ ամէն հայու ԱՆԽՏԻՐ. ամէն հայորդի ունի իր հիմնական դերն ու տեղը այս նուիրական առաքելութեան մէջ: Անկէ փախուստ տալը, Սփիւռքը ՍՊԱՆԵԼ կը նշանակէ:
Հետեւաբար, ո՜վ սփիւռքահայեր ու մանաւանդ սուրիահայեր,  ականջ տանք Հայոց Հայրապետին կոչին: Լծուինք լուրջ աշխատանքի: Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը արթնցնենք մեր մէջ: Փորձենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեր լուման դնել Սփիւռքի կենաց գանձանակին մէջ, որպէսզի Սփիւռքը վերադառնայ իր աշխուժ վիճակին, ապրի եւ ապրեցնէ, լուսաւորուի եւ լուսաւորէ, աճի եւ աճեցնէ, վերակազմակերպուի եւ վերակազմակերպէ:
Ապրի՛ Սփիւռքը։
Ապրի՛ սուրիահայութիւնը։
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան