Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեանն ու իր վարչակազմը անգամ մը եւս ցնցած են Հայաստանն ու հայոց աշխարհը՝ բացայայտելով իրենց հերթական միակողմանի զիջումներու պատրաստակամութիւնը։ Այս անգամ կարգը Տաւուշի մարզինն է։ ՀՀ ներկայ իշխանութեան վարած ազգագործան քաղաքականութեան հետեւանքով թշնամիին կը յանձնուին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, ինչ որ պիտի յառաջացնէ ապահովական լրջագոյն սպառնալիքներ։

Արցախի յանձնումը միայն սկիզբ էր։ ՀՀ իշխանութիւնը ամէն կերպ մոռացութեան կը մատնէ Արցախն ու Արցախի հարցը։ Արցախի իրաւունքներու բարձրացման եւ հետապնդման բացառիկ լիազօրութիւն ունին Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետական մարմինները։ Այդ մարմինները վարկաբեկելը եւ անոնց գործունէութիւնը խոչընդոտելը կը նշանակեն հրաժարիլ այդ իրաւունքներէն։

Արցախի կարգավիճակի եւ արցախահայերու հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը հայութեան օրակարգին վրայ են եւ մինչեւ այդ հարցերը չլուծուին՝ արժանապատիւ եւ իրական խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ։

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին բազմիցս զգուշացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թշնամիներէն եկող վտանգներու եւ սպառնալիքներու մասին, որոնց առջեւ գիտակցաբար եւ համոզումով տեղի կու տայ ՀՀ իշխանութիւնը։

Անհրաժեշտ է վերջ դնել ազգային արժէքներու եւ կառոյցներու դէմ պայքարելու քաղաքականութեան եւ կեդրոնանալ Հայոց բանակի մարտունակութեան բարձրացման ու հզօրացման վրայ։

Համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր առողջ, ազգային ուժերու համախմբումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է։ Օրակարգը մէկ է՝ հայկական պետականութեան փրկութիւնը։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
28 Մարտ 2024