Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Ուրբաթ, 29 Մարտ 2024-ի առաւօտեան ժամը 1:45-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Հալէպի հարաւարեւելեան Ասրիա գիւղէն Հալէպի արուարձանի կարգ մը կէտերու վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ Իտլիպէն եւ Հալէպի արեւմտեան արուարձանէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ ինքնաթիռներով օդային յարձակումներ գործեցին Հալէպի քաղաքին եւ շրջակայքին վրայ։

Աղբիւրը աւելցուց, որ Իսրայէլի օդային յարձակումին հետեւանքով քաղաքացիներ ու զինուորներ նահատակուեցան եւ վիրաւորուեցան, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։