Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն արդիւնքներով քաղաքապետ ընտրուած է Էլէն Ասատրեան։
Որպէս կին թեկնածու՝ քաղաքային խորհուրդին ամենաշատ ձայները ան ստացած էր 2022 թուականին։ Այս անգամ Ասատրեան դարձած է առաջին ամերիկահայ կինը, որ ստանձնած է Լոս Անճելոսի մեծութեամբ 4-րդ քաղաքի՝ Կլէնտէյլի քաղաքապետին պաշտօնը:
Էլէն Ասատրեան ծանօթ անուն է շրջանի բնակիչներուն համար: Ան առաջին սերունդի ներգաղթեալ է: Էլէնը 10 տարեկան էր, երբ անոր ընտանիքը Հայաստանէն տեղափոխուեցաւ Կլէնտէյլ:
Ան քաղաքային խորհուրդի մէջ ընտրուած առաջին ներգաղթեալ կինն է եւ առաջին ամերիկահայ կինը, որ ընտրուած է Կլէնտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ։ Պաշտօնավարման ընթացքին ան շարունակած է աջակցիլ իր համայնքին՝ բնաբան ունենալով պաշտպանել փոքր առեւտուրներու, շրջակայ միջավայրի, երիտասարդութեան զարգացման կարելիութիւններու, հաւասարութեան հարցերու պաշտպանութիւնը:
Աւելի քան 11 տարի Էլէն եղած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կլէնտէյլի մասնաճիւղի այնուհետեւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային գրասենեակի գործադիր տնօրէն: Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ապահովումը եւ Քալիֆորնիոյ հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան կրթական ծրագրի ընդունումը եղած են իր աշխատանքային առանցքակէտերը:
Երկու տասնամեակ տեւողութեամբ Էլէն ղեկավարած է յաջող նախաձեռնութիւններ՝ տեղական, նահանգային եւ դաշնային մակարդակներու վրայ, որոնք ներառած են. աւագ դպրոցի եւ քոլէճի ուսանողներուն եւ քոլէճի վերջին շրջանաւարտներուն համար հանրային քաղաքականութեան կրթաթոշակներու եւ գործնական ծրագիրներու ստեղծում. Կլէնտէյլի ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի աշխատանքային խումբի ստեղծում; ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն եւ լուսանցքայնացուած համայնքներուն համար կանաչ տարածքներու ընդլայնում եւ ծրագիրներու հասանելիութիւն. Ընտրողներու գրանցման, կրթութեան եւ տեղական նախաձեռնութիւններու մեկնարկը եւ իրականացումը, որոնք յանգեցուցած են աւելի քան 50.000 նոր ընտրողներու գրանցման միայն Լոս Անճելոս քաունթի շրջանին մէջ, ինչ որ յանգեցուցած է ընտրողներու մեծաթիւ մասնակցութեան որոշ մրցակցային ընտրութիւններու ժամանակ:
Էլենի ծառայած է տեղական եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու տարբեր յանձնաժողովներուն եւ խորհուրդներուն մէջ՝ Կլէնտէյլի քաղաքային զբօսայգիներու, հանգիստի եւ համայնքային ծառայութիւններու յանձնաժողովի նախագահ եղած է: Կլէնտէյլի Երիտասարդական Միասնութեան GYA-ի, Կլէնտէյլի Ոստիկանութեան հետ Համայնքային Համագործակցութեան Խորհրդատուական կոմիտէի, Կլէնտէյլի Հանրային դպրոցներու կրթաշրջանի գերատեսուչի Խորհրդատուական կոմիտէի, Լոս Անճելոսի շրջանի ընտրողներու իրազեկման կոմիտէի, Լոս Անճելոսի քաղաքային ընտրողներու օգնութեան եւ կրթութեան կոմիտէի խորհուրդի անդամ եւ շատ աւելին:
Էլէն Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի (UCLA) շրջանաւարտ է եւ ստացած է արուեստի բակալաւորի կոչում քաղաքագիտութեան ճիւղին մէջ՝ կեդրոնանալով ամերիկեան քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներուն վրայ: