Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Իսրայէլի Կազզայի քաղաքացիներուն դէմ իրագործած աննախընթաց վայրագութիւնը կը փաստէ ռազմական նպատակներու իր ձախողութիւնը։
Նախագահը աւելցնելով ըսաւ, որ իսրայէլի նպատակն է Կազզայի ժողովուրդը պարտութեան մատնել, որպէսզի անոր միջոցով Պաղեստինի Ազգային Դիմադրութիւնը եւս պարտուի, սակայն այս նպատակը չ’իրականանար։
Նախագահն ու Ապտուլլահեան խորհրդակցեցան Պաղեստինի ժողովուրդին միջազգային աջակցութիւն տրամադրելու միջոցներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութեան  զարգացման եւ ծրագիրներու համակարգման շարունակականութեան շուրջ։
Իր կարգին Ապտուլլահեան յայտնեց, որ Իսրայէլի ներքին ճակատը տագնապային եւ վատ վիճակ կը պարզէ՝ Պաղեստինեան Դիմադրութեան պայքարին հետեւանքով։