Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Ֆըթըրի տօնին առիթով շնորհաւորագրեր փոխանակեց արաբական եւ եւրոպական բարեկամ երկիրներու նախագահներու եւ թագաւորներու հետ։
Նախագահ Ասատ շնորհաւորագրեր ստացաւ Օմանի, Պահրէնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Ալճերիոյ, Պաղեստինի, Մորիթանիոյ, Սուտանի, Թուրքմանիստանի, Ինտոնեսիոյ, Արիթերիոյ, Սոմալի, Պենկլատէշի, Մալիի նախագահներէն, Արաբական Լիկի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ ապու ալ-Ղէզէն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու վարչապետներէ, փոխնախարարներէ եւ փոխվարչապետներէ։