Երկուշաբթի, 8 Ապրիլ 2024-ին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանեան դեսպանատան նոր շէնքին բացումը, ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանի։

Մըքտատ եւ Ապտուլլահեան այցելեցին անցնող օրերուն Դամասկոսի մէջ իրանեան դեսպանատան դէմ իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով դեսպանատան անձնակազմէն վիրաւորի մը, որ տակաւին բուժում կը ստանայ Դամասկոսի Մուասաթ հիւանդանոցէն ներս։