ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քուսայ Տահհաք Իսրայէլի եւ ամերիկեան վարչակազմին պատասխանատուութեան կը յանձնէ իսրայէլեան յարձակումները եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական սաստկացումները, որոնք կը խախտեն ապահովութիւնմ ու խաղաղութիւնը։
Ան ձայտնեց, թէ ժամանակը հասած է, որ արեւմուտքի պետութիւնները լուրջ քայլ առնեն Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան գրոհը դադրեցնելու եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն ապօրինի ներկայութեան վերջ տալու։
Տահհաք աւելցուց. «Տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը բնական հետեւանք են իսրայէլեան կողմին իրագործած իրարայաջորդ յարձակումներուն եւ միջազգային օրէնքի խախտումներուն, ըլլան անոնք Սուրիոյ կամ այլ պետութիւններու դէմ, նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ ամբողջական զօրակցութիւն կը ստանայ ԱՄՆ-էն, հետեւաբար ան տարածաշրջանին մէջ իր ոճիրները կը սաստկացնէ առանց որեւէ պատիժի ենթարկուելու։