Սուրիոյ անկախութեան 78-ամեակին առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը իւրայատուկ համերգ մը կազմակերպեց Ա. Սպենդիարեանի անուան Օբերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի հայկական սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ գործակցաբար։

Համերգը պիտի ղեկավարէ Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան։ Համերգի ընթացքին մենակատարութեամբ հանդէս պիտի գայ ուտահար մայեսթրօ Ատնան Ֆաթհալլա։

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2024-ին, Երեւանի Ա. Սպենդիարեանի անուան Օբերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ։