21 Ապրիլին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի։

Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով միութեան ներկայացուցիչներուն՝ Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ անոնց այցը հայոց հոգեւոր կեդրոն վկայութիւնն է Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ որդիական սիրոյ եւ հաւատարմութեան։

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն ամէն տարի 23 Ապրիլին դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք ջահերով երթի կազմակերպումին համար, որուն ընթացքին բազում հայորդիներ, առաջնորդութեամբ նաեւ եկեղեցականներուն, իրենց յարգանքն ու խոնարհումը կը բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը նոր խորհուրդ ստացած ու դարձած է հայ ժողովուրդի հոգիին, միտքին, գիտակցութեան եւ պայծառակերպութեան սրբավայր, հոգեւոր ուժի եւ զօրութեան ակունք։ Եւ այս նուիրական վայրին մէջ այլեւս կը հայցենք մեր նահատակներուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի առ Աստուած հաւատքով եւ ապաւինութեամբ կարենանք միասնաբար դիմակայել հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, իրականութիւն դարձնել համազգային մեր նուիրական իղձերը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ կարեւոր համարեց, որ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը ամէնուր շարունակէ համախումբ ջանքեր գործադրել յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման, աշխարհի մէջ ցեղասպան նոր ոճրագործութիւններու կանխարգիլման եւ արդարութեան յաղթանակին համար։

Հանդիպումին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, անվտանգային սպառնալիքներուն։ Հայոց Հայրապետը ընդգծեց, որ տիրող ծանր իրավիճակէն կարելի է դուրս գալ միմիայն հայրենիքի ապագայի տեսլականի շուրջ համազգային միաբանութեան հաստատման ճանապարհով՝ հեռացնելով մեր կեանքէն ատելութիւնն ու թշնամանքը, հատուածական շահերու նկրտումները։

Առկայ իրադրութեան մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրամայական նկատեց հոգեւոր վերարթնութիւնը՝ յորդորելով երիտասարդները աշխուժօրէն ներգրաւուիլ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին մէջ՝ միշտ ամուր պահելով հաւատքն առ Աստուած, սէրն ու նախանձախնդրութիւնը ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն, նախնեաց աւանդներուն ու ժառանգութեան նկատմամբ։

Հանդիպումին Հայոց Հայրապետը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ հոգեխնամ եւ ազգապահպան առաքելութեան, հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար Մայր Աթոռի ջանքերուն, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն։

Վերջաւորութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերստին իր օրհնութիւնը բաշխեց հայորդիներուն՝ աղօթելով, որ Յարուցեալ Տիրոջ ամենախնամ Սուրբ Աջը հովանի ըլլայ մեր հայրենիքին եւ ողջ հայոց ազգին։