Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութեան կազմակերպութեամբ 17 Ապրիլին համերգային ճոխ ծրագիրով Երևանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի և պալետի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ հանդէս եկաւ Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի։ Որպէս մենակատար հանդէս եկաւ նաեւ ուտահար Ատնան Ֆաթհալլան:

Այս առիթով խօսք առաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան յիշելով, որ Սուրիան այս տարի կ՚ոգեկոչէ իր անկախութեան 78-ամեակը եւ վճռական է՝ շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը։

Արիսեան Սուրիոյ նախանձախնդրութիւնը յայտնեց երկու բարեկամ երկիրներու գործակցութեան զարգացման համար, աւելցնելով, որ սոյն համերգը կը ցոլացնէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մշակութային զարգացող յարաբերութիւնը։
Յիշենք, որ Սուրիոյ անկախութեան 78-ամեակին առիթով, Երեւանի մէջ սուրիական դեսպանատունը յատուկ համերգ մը կազմակերպեց Ա. Սպենդիարեան անուան Օփերայի եւ Պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի հայկական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, ղեկավարութեամբ «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, մասնակցութեամբ Դամասկոսի երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն մայեսթրօ Ատնան Ֆաթհալլայի։
Համերգը ընդգրկեց սուրիացի հեղինակներու երաժշտական ստեղծագործութիւններու ներկայացում։ Համերգին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ հանգուցեալ մայսեթրոներ՝ Սըլհի ալ-Ուատիի եւ Նուրի ալ-Ռըհեպանիի գործերէն։