Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով հալէպահութիւնը միասնակամ ոգիով իր մասնակցութիւնը բերաւ ժողովրդային ջահերթին։
Արդարեւ, 21 Ապրիլ 2024-ին, կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ջահերթը, որուն մասնակցութիւնը բերին հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի պատասխանատուն, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններ, հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. իշխանութեան, հալէպահայ երիտասարդական, ուսանողական, մարզական, բարեսիրական , մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հարիւրաւոր հալէպահայեր։
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջափակին մէջ, ուրկէ ջահերով, Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ դրօշներով, ՀՄԸՄ- ի Հալէպի Մասնաճիւղի փողերախումբը երթը առաջնորդեց մինչեւ Ազգ. գերեզմանատուն։ Յաջորդաբար ջահերով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ու Համազգայինի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օրուան կարգախօսը պարզող եւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներով ու ցուցատախտակներով:
Ազգ. գերեզմանատան մուտքին փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները:
Տպաւորիչ էր գերեզմանատան սեմին զետեղուած 1915-ի նահատակ մտաւորականներու պատկերները, սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։
Այնուհետեւ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար բոցավառեցին յուշաքարին մօտ գտնուող Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը։
ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Շահինեան վարչութեան խօսքը արտասանեց։ «Թուրքիոյ գործած ոճիրը հայ ժողովուրդին հանդէպ անկիւնադարձային է, որուն հետեւանքը մինչեւ օրս կը կրենք։ Սակայն մեր ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնն ու անդուլ պայքարը ձախողեցուցին մեզ վերացնելու ծրագիրը։ Արդ, Մենք որպէս սփիւռքահայեր կառչած պէտք է մնանք մեր սկզբունքներուն ու հայեցի դաստիարակութեամբ շարունակենք մեր երթը վստահելով  մեր հաւաքական ուժին եւ հզօր կամքին մինչեւ արդար հատուցում, որպէսզի հանգիստ ննջեն մեր անմեղ նահատակները։ Շարունակե՛նք պայքարիլ յանուն Հայաստանի ու հայութեան։ Շարունակենք աննահանջ քայլերով դէպի յաղթանակ», ըսաւ ան։
Արաբերէն խօսք արտասանեց ԿՎ-ի անդամ Յարութ Սումպուլեան ու ըսաւ. «Կը շարունակենք յիշել եւ ոգեկոչել 1915-ի Ցեղասպանութեան նահատակները ու պայքարելով կը պահանջենք մեր ժողովուրդի արդար հատուցումը»։ Ապա աւելցնելով ըսաւ.«Այսօր եւս նոյն ոճրագործը իր ոճիրը  կը գործէ այլ տարածքներու մէջ, ինչպէս՝ Սուրիոյ։ Մենք որպէս սուրիահայեր, վկաները դարձանք Սուրիական Հայրենիքի քանդումին ու անոր ժողովուրդի գաղթին պատճառ եղող թրքական նենգ քաղաքականութեան, պատերազմի ողջ տարիներուն»։
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Արփի Գրտանեան՝ ասմունքելով  Արշակ Չոպանեանի «Օրօր, Մա՛յր Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը:
Աւարտին եզրափակիչ պատգամով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ըսաւ. «Աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդը իր յիշողութեան մէջ թարմ կը պահէ 1915-ի Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ անոնց արեան կանչը։ Արդարութեան ձայնն է, որ դժբախտաբար Ցեղասպանութիւնը փորձեց զոյգ ձեռքերով խեղդել։ Ողջ աշխարհը անտարբերութիւն ցուցաբերեց, որովհետեւ չուզեց պատասխանատուութիւն վերցնել, իսկ իր շահերը չէին համընկներ արդարութեան կանչին։ Մինչեւ այսօր ալ նոյն պատկերը կը շարունակուի, ինչպէս տեսանք ամիսներ առաջ արցախահայութեան հայրենազրկումով, ապա, աւելի ուշ, Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցած անարդարութիւններով։ Բայց մենք պահանջատէր ենք եւ պիտի շարունակենք պահանջատէր մնալ մինչեւ որ արդարութեան լոյսը բացուի ու յաղթանակէ»։
Սրբազան հայրը ջահերթը փակեց «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ձեռնարկին ներկայ էին սուրիական տասնեակ լրատուամիջոցներ։
Վանայ Պարմաքսըզեան