Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայանի, կազմակերպութեամբ կեդրոնական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս գեղարուեստական յայտագիրով հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ Ճեզիրէի երեք շրջաններուն՝ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի։

Հանդիսութեան ներկայ էին հայ կաթողիկէ համայնքի գերյարգելի Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմինի, ազգային մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներն ու հոծ բազմութիւն։

Հանդիսավարներ Անդրանիկ Արսէնեան եւ Մարինէ Գրիգորեան հրաւիրեցին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեան, որ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառներուն։ Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Տէրիքի թաղականութեան ատենապետ Սերոբ Սուսան։

Օրուան խորհուրդը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան։ Ան
ըսաւ, որ «Իւրաքանչիւր հայ ազգային գաղափարախօսութեան կրողը դառնալու պարտաւորութիւն ունի, եւ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման համար մղուած պայքարին մարտիկ դառնալու առաքելութիւնը ունի։

Այսօրուան դժուար մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միակ լուծումը ազգային արեւելումի բարձր գիտակցութեամբ զինուած համախումբ միասնութիւնն է։
Ազգային գաղափարախօսութեամբ սնանիլ, ականջ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ու ազգային ազատագրական պայքարին ճամբուն ինկած նահատակներու կտակին ու տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն»։

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ ՍԵՄ-ի «Ն. Դուման» մասնաճիւղը: Ռիթա Յովհաննէսեան եւ Բարտի Շիրիքճեան ասմունքեցին մեծ եղեռնին նուիրուած քերթուածներու համադրում մը, Վարդի Պետրոսեան մեներգեց «Յուշարձաններ» երգը, Քրիստափոր Միքայէլեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։

Յայտագիրին մաս կազմեց նաեւ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղի «Վանայ» մանկապատանեկան պարախումբը:

Տէրիքի շրջանէն Արազ Խորոզեան եւ Գայիանէ Իւսէֆ ասմունքեցին արաբերէն քերթուածներ, ընկերակցութեամբ ջութակահար Սէրլի Իւսէֆի, Գէորգ Սուսան մեներգեց «Պիտի Գնանք» երգը։

Ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Հասիչէի «Գարուն» երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յակոբ Գոչոյեանի։

Աւարտին Հոգշ. Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր պայքարը պէտք է շարունակուի, պէտք է պայքարինք մեր գիրով եւ մշակոյթով, մեր հայ ապրելով, այլապէս գործակից կը դառնանք ցեղասպան թուրքին։
Հայօրէն ապրելով պիտի յիշենք, յիշեցնենք եւ շարունակենք մեր պայքարը»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի Հանրապետիւթեան քայլերգով։

Վանա Կիրակոսեան