«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու տնօրէն, ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան 4 Յունիսին ներկայացած է ոստիկանութեան Կեդրոն` բացատրութիւն տալու Հայ Ազգային Քոնկրէսի գործիչ Վարդան Յարութիւնեանը ծեծի ենթարկելու մասին: Դաշնակցական գործիչի օրինակին ինքնաբուխ հետեւեցան այլ քաղաքացիներ եւս` ոստիկանութիւն ներկայանալով եւ յայտնելով, որ իրենք ծեծի ենթարկած են զայն:
Ոստիկանութեան ներկայանալէն ետք, Գեղամ Մանուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ անցնող 2-3 ժամերու ընթացքին տարբեր քաղաքական հայեացքներ ունեցող մարդոցմէ բազմաթիւ հեռաձայնային զանգեր ու գրութիւններ ստացած է, եւ միայն կուսակցական ընկերները չեն, որ ոստիկանութեան բաժին ներկայացած են:
«Պատահարը վկայութիւնն է, որ նաեւ հանրութիւնը կը հասկնայ մեր ազգային արժէքներու, աւանդոյթներու, Արցախի մասին նման անբարոյական ձեւակերպումներով խօսքը տեղ չունի, թոռնիկի ներկայութեամբ պապիկի վրայ յարձակումը տեղ չունի, որուն քանի մը օր առաջ ականատես եղանք»:
Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ արարքը կուսակցական քայլ չէր, այլ քայլ էր, որպէսզի հանրութեան ցոյց տան, որ կարելի չէ այլեւս հանդուրժել անթոյլատրելի թշնամանքը, ատելութեան խօսքը, որ այսօր ընկերային ցանցերու եւ նաեւ լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած է:
Երբ հարցուեցաւ, թէ Վարդան Յարութիւնեան ի՞նչ աղերսներ ունի վերոշարադրեալին հետ, Գեղամ Մանուկեան յորդորեց կարդալ անոր քանի մը գրառումները. «Երբ երիտասարդ մը կրնայ «թուրք» կոչել արցախցիին, Պարգեւ Սրբազանին վերջին գռեհիկ բառերը ըսի… խօսքի ազատութիւն կ’ըսենք, բայց հոյ չենք ըսեր… Ես առիթ ունեցած եմ իրենց կազմակերպիչներէն Ճիւան Աբրահամեանին ըսել` թող ներողութիւն խնդրէ: Բազմաթիւ փորձեր կատարուած են, հիմա չ’ըսեմ…»:
Երբ հարց տրուեցաւ, այս արարքով ծեծը կ’արդարացնեն, չէ՞ որ խուլիկանութիւն տեղի ունեցած է, Գեղամ Մանուկեան հակադարձեց. «Դուք քննի՞չ էք: Դուք արդէն յօդուած կը ներկայացնէք: Ամիսներ շարունակ այդ տղուն բացատրելու փորձ կատրուած է… ձեւակերպումները, զոր օգտագործած է այդ տղան, նոյնիսկ թուրքը չէ ձեւակերպած»:
Լրագրողներու դիտարկումներուն համաձայն, թէ Հրանդ Մարգարեանի հետ կապուած միջադէպին քրէական գործի յարուցումը, ըստ ոստիկանութեան, յանձնակազմ չըլլալու պատճառով մերժուած է, Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ ոչ թէ մերժուած է քրէական գործի յարուցումը, այլ Հրանդ Մարգարեան մեծահոգաբար բողոք չէ ներկայացուցած ոստիկանութիւն, եւ բողոքի բացակայութեան պատճառով գործ չէ յարուցուած:
Անդրադառնալով միջադէպի մասնակիցներէն բերման ենթարկուած Իւրա Յովհաննիսեանին, Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ. «Ան մեր շատ լաւ երիտասարդներէն է: Եւ ի տարբերութիւն շատ շատեու, որոնք հրապարակներու վրայ կամ ընկերային ցանցերուն մէջ գլուխ կը բարձրացնեն, թէ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ մասնակցութիւն ունեցած են, Իւրան դաշնակցական այն երիտասարդներէն է, որ 2 Ապրիլին կամաւորագրուած է, եւ առաջնագիծին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած է»: