«Արմէնփրէս».- Դիլիճան քաղաքին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ ֆրանսական հեղինակաւոր «Միտքերու գագաթնաժողով»ին: Ամէն տարի Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու գագաթնաժողով»ը («Summit of Minds») այս տարի առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ: Հայաստան առաջին երկիրն է, որ այս ժողովը Շամոնիէն դուրս կը հիւրընկալէ:
Ժողովին կազմակերպման մասին բացառիկ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Սեպտեմբեր 2018-էն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան որպէս գլխաւոր բանախօս կը մասնակցէր ամէնամեայ «Միտքերու գագաթնաժողով»ին:
Ժողովին կը մասնակցին հայաստանցի եւ օտարազգի աւելի քան հարիւր հեղինակաւոր քաղաքական ու զինուորական գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, գործարարներ ու ձեռնարկատէրեր:
Գագաթնաժողովին նախատեսուած են շարք մը քննարկումներ, որոնց ընթացքին անդրադադարձ պիտի կատարուի Եւրասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական գործընթացներուն, բարձր ճարտարագիտութեան ու կառավարման, արհեստական բանականութեան, թուային տնտեսութեան եւ այլն:
Ժողովը պիտի աւարտի 9 Յունիսին: Գագաթնաժողովին գլխաւոր գործընկերը «The Monthly Barometer» հեղինակաւոր վերլուծական հանդէսն է: