«Էրմէնիհապէր».-«Alevinet» լրատուական կայքը «մէկ առ մէկ կը ջնջուին հայ ժողովուրդին հետքերը» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ անդրադարձած է Մալաթիոյ մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն (Թաշհորան) հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու անտարբեր վերաբերմունքին:
Կայքը կը գրէ, որ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծննդավայրին՝ Մալաթիոյ մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ` 2012-ին սկսած վերականգնումի աշխատանքները կիսատ մնացած են:
Կը յիշուի, որ եկեղեցին անցած է Մալաթիոյ քաղաքապետարանի Հիմնադրամներուն գլխաւոր վարչութեան եւ Անշարժ գոյքի ազգային գլխաւոր վարչութեան վերահսկողութեան տակ:

5 տարի առաջ պատմական շէնքին յենած են մետաղական շինարարական սանդուխներ եւ կիսատ թողած աշխատանքները:
Հայկական եկեղեցւոյ մասին արձանագրութիւնները ժամանակի ընթացքին ջնջուած են եւ յայտնի չէ, թէ երբ եւ որու կողմէն կառուցուած է:
Տարիներ առաջ անտարբերութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը փլած էր, իսկ եկեղեցին յայտնուած էր գանձագողերու թիրախին եւ թալանուած էր:
Եկեղեցւոյ վերականգնումի շուրջ լուրերը ուրախացուցած էին հայութիւնը եւ թաղամասի բնակիչները:
Թաղամասի բնակիչներուն խօսքով, Սրբ . Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերականգնումով զբաղող կազմակերպութիւնը նիւթական աղբիւրներու չգոյութեան հետեւանքով դադրեցուցած է աշխատանքները:
Անդրադառնալով մալաթիահայութեան, կ’ըսուի, որ 1970-ական թուականներուն Մալաթիոյ մէջ բազմաթիւ հայեր կ’ապրէին, սակայն այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած յարձակումներու եւ 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք, վերջին հայ ընտանիքները ստիպուած լքած են քաղաքը: