Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փառաշուք տօնակատարութիւն մը, նուիրուած Հայաստանի Ա.Անկախութեան տօնին։ Կազմակերպող կողմն էր՝ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի վարչութեան եւ Զաւարեան Պատանեկան միւութեան վարիչ եւ դաստիարակ կազմերը։

Տօնական մթնոլորտը հարստացուց հալէպահայ սիրուած երգիչ, ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ճորճ Գալայճեան։

Բեմավար բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու ազատութեան ճանապարհին զոհուած անմահ հերոսներուն յիշատակը, ապա ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայերգները, որոնցմէ ետք ազգային եւ յեղափոխական երգերու նուագակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները տողանցեցին շրջափակին մէջ։ Գայլիկները Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշներ կը բարձրացնէին՝ խանդավառելով ներկաները ու խլելով անոնց ծափողջիւնները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Գրիգոր Թովմասեան, որ լքւսարձակի տակ առաւ հայու մարտական ոգին ու յաղթական ուժը, եւ ըսաւ. « Հայաստանի պատմութեան էջերը լի են պատերազմներով, կորուստներով, դժուարութիւններով։ Այդ էջերուն վրայ դրոշմուած են ցեղասպանութիւնը, երկրաշարժի արցունքը ու տառապալից օրեր, սակայն այդ նոյն պատմութեան էջերը մեզ կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդը, որ դարեր շարունակ աշխատանք տարաւ, գոյատեւման պայքար մղեց հանուն իր երկրի արժէքներու պահպանման։ Դժուար է եղած հայուն ճանապարհը, թշնամին ջանք չէր խնայած ոչնչացնելու մեր երկիրը։ Սակայն այսօր մենք կանք ու կը շարունակենք արարել ու հաստատել մեր ինքնութիւը…..», շեշտելով թէ ինչ որ Մայիսը տուաւ մեզի իբրև անկրկնելի յաղթանակ, ոչ մէկ Նոյեմբեր կրնայ խլել հայ ժողովուրդէն եւ հայոց պատմութենէն։ Այդ բոլորը պահուած են ոչ միայն իբրև պայծառ իրականութիւն, այս որպէս յաղթանակի ճանապարհ։ 28 Մայիս 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերով ծնունդ առաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը . Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով վերածուեցանք միջազգայնօրէն ճանչցուած, պետականութեան տէր ժողովուրդի։ Առանց 28 Մայիս Մայիսին մենք ոչինչ էինք իբրև ժողովուրդ, առանց պետականութեան մենք պիտի մնայինք ոչինչ իբրև ազգութիւն։
Այնուհետեւ յայտագիրը շարունակուեցաւ Նուշիկ Տիգրանեանի Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երևան»էն հատուածներ ասմունքով։
Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ, արաբերէն լեզուով, պատմական անդրադարձով լուսարձակի տակ առնուեցան հայութեան ծագումն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մինչեւ մայիսեան յաղթանակ։
Այնուհետեւ կրկին բեմ հրաւիրուեցաւ հալէպահայ սիրուած երգիչ Ճորճ Գալայճեան, որ երկու ժամուան տեւողութեան խանդավառեց ու խրախուսեց ներկաները իր իւրայատուկ ելոյթով։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին աւարտին «արիւնոտ դրօշ» երգով, միասնական կատարողութեամբ։