Հինգշաբթի, 7 Յունիսին ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան Հալէպ ժամանած երկրորդ խումբը, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսին եւ Մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչին գլխաւորութեամբ Հալէպի Ազգ. Պատսպարան այցելեցին ու հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն նուէրներ բաշխեցին։
Նուէրներու ծրարներուն վրայ արձանագրուած էր՝ «Հայ երեխաներից Սիրիայի երեխաներին»։
Պատսպարանի սաները բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին իրենց հայրենակիցներուն նուէրները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին այցելուներուն։