«Էրմէնիհապէր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) պատգամաւոր Հիւտա Քայեան Սթանպուլի մէջ հայերու դէմ կազմակերպուող յարձակումներուն հարցը բարձրացուցած է երկրի խորհրդարանէն ներս:

Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուի ուղղուած հարցումին մէջ պատգամաւորը մասնաւորապէս ըսած է․ «Սա տակաւին սկիզբն է» բնոյթի բանաւոր յայտարարութիւններն ու գրաւոր սպառնալիքները խորացուցած են թաղամասի բնակիչներուն մտահոգութիւնները: Այդ յարձակումէն յետոյ ալ Սամաթիոյ մէջ  հայերու տուներուն վրայ նշաններ դրուած են, ու անոնց կեանքը իսկապէս վտանգի մէջ է»:

Հիւտա Քայեան Սոյլուէն պահանջած է պատասխանել հետեւեալ հարցերուն․

1․ Յարձակողներու ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ որեւէ հետաքննութիւն կատարու՞ած է, եթէ այո, ի՞նչ փուլի մէջ է հետաքննութիւնը:

2․ Նմանատիպ յարձակումները կանխելու համար ձեր նախարարութեան կողմէն կանխարգելիչ աշխատանքներ կատարո՞ւած են:

3․ Ձեր նախարարութիւնը ի՞նչ միջոցներ  ձեռնարկած է կամ կը պատրաստո՞ւի ձեռնարկել Սամաթիոյ մեր քաղաքացիի անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

4․ Հայերու տուներուն վրայ նշաններ դնելու եւ կատարուած յարձակումներուն հետ կապուած որեւէ հետաքննութիւն ձեր նախարարութիւնը իրականացուցա՞ծ է: Եթէ այո, ի՞նչ փուլի մէջ է այդ հետաքննութիւնը:

5․ Մինչ օրս հայ քաղաքացիներու տուներուն վրայ նշաններ դրած անձերէն որքա՞նը  յայտնաբերուած են: Այդ մարդոցմէ որո՞նք պատժուած են:

6․ Սամաթիոյ մէջ մեր հայ քաղաքացիներուն դէմ իրականացուած հարցաքննական յարձակման դէմ ի՞նչ միջոցներ  ձեռնարկուած են:

7․ Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ փոքրամասնութիւններու մասին օգտագործուող նուաստացուցիչ հռետորաբանութիւնը որեւէ դեր խաղցա՞ծ է նմանատիպ յարձակումներու յաճախակի ըլլալու  հարցին մէջ:

8․ Տարբեր ազգային ծագում եւ հաւատք ունեցող մեր քաղաքացիներու խաղաղ ու անվտանգ գոյութիւնը ապահովելու համար պետական պաշտօնեաներու անջատողական, ատելութիւն քարոզող հռետորաբանութիւնն ու քաղաքականութիւնը վերափոխելու ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կը նախատեսուին:

Յիշեցնենք, որ Մայիսի վերջին Սթանպուլի Սամաթիոյ թաղամասին մէջ բնակող հայաստանցի Արփինէ Թումանեան դանակահարուած էր իր տուն ներխուժած անյայտ մարդոց կողմէ: Իսկ յարձակումէն առաջ ազգայնամոլները անոնց տան պատին հատւկ նշան  դրած էին: Դէպքէն յետոյ, նոյն թաղամասին մէջ հայերու դէմ եւս մէկ յարձակում  կատարուած է, իսկ հայերու տուներուն վրայ կը շարունակուին ատելութեան նշումներ զետեղուիլ: