Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Մուֆթիի խորհրդական Պասէլ Քըս Նասրալլա շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդին՝ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի։

Հանդիպումին ընթացքին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Մուֆթի՝ Շէյխ Ահմատ Պատրըտտին Հասուն անձամբ հեռաձայնելով ջերմապէս շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը Առաջնորդի պաշտօնին կոչուելուն առիթով, սրբազան հօր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն։

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով Հանրապետութեան Մուֆթիին շեշտեց, որ հպարտ է Սուրիական Հայրենիքին ձեռքբերումներով եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ թեմի վերականգնումի աշխատանքներուն սատարելու համար։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամներ՝ Պետրոս Յովհաննէսեան, Յովսէփ Գասապեան եւ Գուրգէն Գալուստեան։ Մուֆթիի խորհրդականին կ՚ընկերակցէր Ճորճ Պապեան։