«Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Սարգսեան յայտնած է, որ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ’ողջունէ ֆրանսական Վալանս, Բուր-լե-վալանս, Բուր-դե-պէաժ եւ Առնուիլ քաղաքներու քաղաքապետներու յայտարարութիւնները` Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակելու մտադրութեան մասին, ի հեճուկս վարչական դատարաններու դատավճիռներուն:
Մեկնաբանութեան մէջ յիշուած է. «Կ՚ողջունենք Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներուն միջեւ գործակցութեան խրախուսումը հաւասարութեան եւ ազատութեան ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ, որոնք վեր են ժամանակակից քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք «ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակին` ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղելով անաչառութիւն ցուցաբերելու եւ Ատրպէյճանի ճնշման չենթարկուելու:
Համոզուած ենք, որ պաշտօնապէս Պաքուի կողմէն տարուող Արցախը մեկուսացնելու քաղաքականութեան սատարումը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծումին: Նմանատիպ գործողութիւնները ոչ միայն չեն կրնար ներկայացուիլ որպէս չէզոք դիրքորոշում, այլ, ընդհակառակը` հակամարտութեան կողմերէն մէկուն համար ակնյայտ աջակցութիւն կը համարուին:
Ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը շարունակէ Արցախի վարչատարածքային միաւորները միջազգային գործընթացներուն մէջ ներգրաւելու համար ամէն ջանք գործադրել: Խորապէս համոզուած ենք, որ միջազգային համագործակցութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու խթանման արդիւնաւէտ միջոց է, եւ նման կարեւոր առաւելութենէն ու մարդասիրական շփումներու կարեւորութենէն Արցախի քաղաքացիները զրկելու փորձերը անթոյլատրելի են»: