«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ լրագրող Արամ Քուրանի կողմէ յառաջացած Թուրքիոյ առաջին հայկական «Լոյս» պատկերասփիւռը
սփռուիլ սկսած է: Հայերէնով եւ թրքերէնով պատկերասփռուող կայանը մինչ օրս միայն առցանց կը գործէր:
Արամ Քուրան կը յայտնէ, որ պատկերասփիւռային ալիքը ստեղծելու ուղղութեամբ քայլեր առած են 2 տարի առաջ: Առցանց առաջին սփռումը կատարուած էր այս տարուան 6 Յունուարին: «Այս պահուն ամէն Ուրբաթ արեւմտահայերէնով նորութիւններ պիտի պատկերասփռենք: Շաբաթը 2 անգամ ալ ուղիղ եթերներ պիտի ունենանք», յայտնած է Քուրան:
21 հոգիէ կազմուած հե
պատկերասփիւռային ընկերութիւնը իր եթերներուն 70 տոկոսը կը պատկերասփռէ հայերէնով, 30-ը` թրքերէնով: