Առաջին Կայան
Յաճախ երբ մեզ շրջապատող զարգացած աշխարհը կը զննենք, անոր մէջ կը յայտնաբերենք զարգացման անյարիր երեւոյթներ։ Կարծէք մարդկութիւնը ճարտարարուեստի ու գիտութեան բնագաւառներուն մէջ կ’արձանագրէ յառաջխաղացք՝ ի վնաս մարդկային արժէքներուն եւ հոգեկան անդորրին։ Այսօրուան աշխարհը կը տառապի բազմաթիւ ախտերէ, որոնք տակաւին կէս հարիւրամեակ առաջ գոյութիւն չունէին, կամ եթէ կային, համատարած ու մտահոգիչ երեւոյթներ չէին։ Ըստ Ամերիկեան Հոգեբանական Միութեան (American Psychological Association) տուեալներուն, Ամերիկայի մէջ այսօրուան երկրորդականի ուսանող պատանիներուն ճնշուածութեան (stress) աստիճանը կը հաւասարի 1950-ական թուականներու հոգեբուժարաններու հիւանդներու ճնշուածութեան աստիճանին հետ։ Ա՛լ պիտի չխօսինք չափահասներուն մասին, որոնք, իրենց պատանութեան ապրած ու շարունակուող ընկերային ճնշումներուն կողքին, կը դիմագրաւեն շարունակական սղաճ, անգործութիւն ու մութ ապագայ։
Կապոյտ երկինքին տակ, սակայն, նորութիւն չկայ։ Այն օրէն, երբ մարդկութիւնը որոշեց լքել անտառն ու քարայրի բնակութիւնը եւ ապրիլ կազմակերպուած համայնքներու մէջ, ուր կը տիրեն ոչ թէ բնութեան օրէնքները, այլ ընկերային համակարգը, աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու մարդուն ստեղծած օրէնքները, այդ օրէն ի վեր կը շարունակենք դիմագրաւել նոյն դժուարութիւնները. միայն շապիկն է տարբեր։ Դարերու կուտա-կուած փորձառութիւն ունի մարդկութիւնը, իսկ մարդկային զարգացման ամէնէն հիմնական ազդակներէն մին կը համարուի փորձառութեան բանաւոր ու գրաւոր փոխանցումը անհատէ-անհատ, սերունդէ-սերունդ։ Անսահման իմաստութիւն կայ մեր նախահայրերէն մեզի փոխանցուած, սակայն անոր հասնելու մեր ճամբաները հետզհետէ սկսած են մաշիլ ու 21-րդ դարու մարդը սկսած է կորսնցնել իր քարտէզը՝ հոգեւոր արժէքները։ «Հոգեւոր արժէքներ» արտայայտութիւնը հոս դրուած է, ոչ միայն զուտ կրօնական առումով, այլ իր մէջ կ’ընդգրկէ նիւթականէն անդին ամէն բան, որ կը բնորոշէ մեր մարդկութիւնը։
Ուրեմն, ո՞ւր են մեր նախահայրերուն փորձառութիւնները: Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ անոնցմէ։
Հանճարեղ գիտնական Ալպէրթ Այնշթայն ըսած է. «Եթէ կ’ուզէք որ ձեր զաւակները խելացի ըլլան՝ անոնց հեքիաթ կարդացէ՛ք, իսկ եթէ կ’ուզէք որ հանճարներ ըլլան՝ շա՛տ հեքիաթ կարդացէք»։ Առաջին հայեացքով, այս խօսքին բացատրութիւնը շատ պարզ է՝ հեքիաթը երեխաներուն երեւակայութեան հորիզոնները կ’ընդլայնէ եւ կ’օժտէ զանոնք արժէքային կայուն համակարգով։ Միայն այդքանով կարելի՞ է բաւարարուիլ։ Եկէք օրինակ առնենք աշխարհի ամէնէն տարածուած ու սիրուած հեքիաթներէն մէկը՝ «Կարմիր Գլխարկիկ»ը։ Իրականութեան մէջ, ոչ այնքան ալ յորդ երեւակայութեամբ ստեղծուած է ան։ Ամէնէն հետաքրքրական բաժինը թերեւս Կարմիր Գլխարկիկին ու Մեծ Մօր տարազով ծպտուած Գայլին միջեւ երկխօսութիւնն է՝ ընդամէնը երեք հարցում-պատասխանով։ Իսկ բարոյապէս ի՞նչ կը թելադրէ սերունդներու նախասիրած այս հեքիաթը. մայրիկին խօսքը մտիկ ընե՞լ, օտարներու հետ չխօսի՞լ, անտառէն ծաղիկ չհաւաքե՞լ… Պատմութիւն մը մարդոց կողմէ սիրուած ըլլալու համար, պէտք է անոր միտք բանին խտղտէ ընկալողին հոգին։ Կը կարծէ՞ք, թէ վերոյիշեալ թելադրանքները կը խտղտեն երեխային հոգին, որ ծնած է ծնողներէն անջատուելու եւ աշխարհը հետախուզելու զօրաւոր ձգտումներով։ Հեքիաթը ստեղծուած է այդ ձգտումները սահմանափակելու եւ երեխան ընկերային համակարգին մէջ ապահով ձեւով ընդգրկելո՞ւ միտումով։ Այդ պարագային ան պիտի ըլլար ծնողներո՛ւ եւ ոչ թէ երեխաներու նախասիրածը։ Առաւել հետաքրքրական հարցում մը. ինչպէ՞ս կ’աւարտի այս հեքիաթը։ Վստահ չէք, որովհետեւ տարբեր աւարտներ լսած էք։ Ուրեմն, ի՞նչ է այս հեքիաթին գաղտնիքը։
Աւելի լաւ հասկնալու համար, եկէք պահ մը մտածենք, թէ իսկապէս ի՞նչ է հեքիաթ կոչուած երեւոյթը։ Հեքիաթը խորքին մէջ առասպել մըն է, որ շատ պատմուելուն պատճառով կորսնցուցած է դիւցազնական բնոյթը եւ վերածուած ժամանցի միջոցի: Անոր հերոսները աստուածներ ու կիսաստուածներ ըլլալէ դադրած են եւ եղած են մարդիկ ու կենդանիներ: Կարգ մը պատումներ մնացած են հրաշային մթնոլորտի մէջ, իսկ ուրիշներ նաեւ վերածուած են իրապատում հեքիաթներու, ինչպէս «Քաջ Նազար»ը կամ «Ձախորդ Փանոս»ը։ Սակայն բոլորն ալ պահած են առասպելին ոգին ու անոր հիմնական կառոյցը։ Այս տեսանկիւնէն եկէք անգամ մը եւս լսենք «Կարմիր Գլխարկիկ»ը։ Հեքիաթի հերոս Կարմիր Գլխարկիկը կը ներկայացնէ կարմիր արեւը։ Արեւ-աղջիկը կրկնուած թեմա է հնագոյն առասպելներուն մէջ։ Անոր պտոյտը անտառին մէջ տունէ-տուն, իրականութեան մէջ արեւուն կտրած ճամբան է երկնակամարին վրայ։ Գայլը մութ ամպերն են, որոնք կը փորձեն ծածկել արեւը, երբ կը յաջողին, նապաստակը, որ հեքիաթներուն մէջ կը ներկայացնէ բարի լրաբերը, պատահարը կը տեղեկացնէ Որսորդին՝ ամպրոպային աստուածութեան (հայութեան մօտ Հայկը կամ Վահագնը)։ Ան օգնութեան կը հասնի իր կացինով։ Ամպրոպային աստուածութիւնները միշտ ներկայացուած են կացինով, մուրճով կամ նետով, այսինքն՝ այն զէնքով, որմով ամպրոպը կը պատռէ ամպերը, դուրս կը թափէ ջուրը եւ կ’ազատէ արեւը։ Այդպէս ալ կը պատահի, Որսորդը կացինով կը բանայ Գայլին փորը, եւ անգամ մը եւս արեւը կը ծագի։ Հեքիաթին իսկական աւարտը կ’ուզէ՞ք լսել։ Որսորդը Գայլին փորը կը լեցնէ քարերով, որոնք նոյնպէս կը խորհրդանշեն ամպրոպային աստուածութիւնը, չէ՞ որ կայծքարէն է որ կը ստանանք փոքրիկ ամպրոպը՝ կայծը… Գայլը երբ քունէն կ’արթննայ, կը զգայ փորին մէջ լեցուած քարերուն ծանրութիւնը, կ’երթայ լիճի մը մօտ՝ մեծ քանակութեամբ ջուր խմելու։ Այլ խօսքով՝ ամպերը անգամ մը եւս կը լեցուին ամպրոպով ու անձրեւով եւ կը պատրաստուին նոր կռիւի մը։
Բնութեան տարրերը իբր մարդկային տիպարներ ու հակառակը՝ բնութիւնը մարդկային տիպարներու միջոցաւ ներկայացնելը, արուեստի հնագոյն միջոցներէն մէկն է։ Կարմիր Գլխարկիկը դեռատի աղջնակ մըն է, այսինքն՝ արեւը կը ներկայացնէ փոքրիկ երեխան, որ պիտի ելլէ աշխարհը հետախուզելու։ Մայրը ինքնին մօր տիպարն է, որ երեխան կ’օժտէ ուտելիքով ու խրատներով։ Մեծ Մայրը մայր բնութիւնն է, որ կրնայ շատ սիրուն ծաղիներ տալ, բայց մէկ ակնթարթի մէջ կրնայ վերածուիլ վտանգաւոր գայլի։ Գայլը բնականաբար կեանքի դժուարութիւններն ու վտանգները կը ներկայացնէ, իսկ Որսորդը հօր տիպարն է (ձեր մտքին մէջ պահեցէք այս գաղափարը ու անոր առնչուածութիւնը հայութեան հօր՝ Հայկին հետ։ Մանրամասն պիտի խօսինք այս մասին), մշտական պաշտպանը, որ կը հասնի երեխային օգնութեան՝ կեանքի վտանգներուն դէմ դնելով։ Իրականութեան մէջ Կարմիր Գլխարկիկին հեքիաթը երեխաներուն ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ։ Գնա՛, հետախուզէ՛ աշխարհը, մայրիկդ քեզ կ’օժտէ պէտք եղածով, հայրիկդ կը հասնի քեզի օգնութեան, զգուշացի՛ր գայլէն, բայց ան չէ իսկական վտանգը։ Իսկական վտանգը խաբեբայ բնութիւնն է, բնա՛ւ չվստահիս անոր։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս հեքիաթը պահած է իր հրապոյրը սերունդներ շարունակ։
Եթէ սովորական հեքիաթ մը այսքան իմաստութիւն ու խորք կը պարունակէ իր մէջ, պատկերացուցէ՛ք, թէ ինչե՜ր կրնանք գտնել առասպելներուն, աւանդութիւններուն ու ծիսակատարութիւններուն մէջ։ Հոն պիտի կարենանք գտնել դէպի մեր նախահայրերուն իմաստութիւնը տանող կողմնացոյցը։ Հաւակնութիւնը չունիմ հաւատալու, թէ դարուս բոլոր հարցերուն լուծումը մէկ տեղ կարելի է գտնել, սակայն առասպելին ուժը իր կեանքէն վանած 21-րդ դարու մարդը, պէտք ունի ետքայլ մը կատարելու, վերատեսութեան ենթարկելու իր կեանքն ու անոր հանդէպ իր մօտեցումը։ Այս յօդուածաշարքը փորձ մըն է պեղելու մեր հոգեւոր արժէքներուն խորքը՝ վերագտնելու համար մեր անհատական ու ազգային նախապատուութիւնները, մեր ինքնութիւնը բնորոշող արժէքային համակարգը։ Անոնց հասնելու համար պիտի անցնինք առասպելներու եւ դիցաբանութեան հրաշալի աշխարհէն, իսկ հեքիաթներու աշխարհը անխուսափելի առաջին կայարանն էր մեր ուղեւորութեան։

 

Յուշիկ Ղազարեան