«Երկիր».-Ուաշինկթընի մէջ 20 Յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները Ուաշինկթընի մէջ 20 Յունիսին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպման արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւն տարածած են: Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս ըսուած է.
«Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին վերջին զարգացումներն ու հիմնական հարցերը:
ԱԳՆ ղեկավարները ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները եւ ակնկալիքները տարածաշրջան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած մարդասիրական եւ անվտագութեան նախաձեռնութիւններուն առնչութեամբ:
Ափսոսանքով արձանագրելով վերջին կորուստները` համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու խաղաղութեան եւ առարկայական բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի վերականգնումին համար:
Միջնորդները կոչ ուղղած են կողմերուն վերահաստատել յանձնառութիւնը` անշեղօրէն պահպանելու հրադադարը եւ ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէն` դիպուկահարներու կիրառումէն եւ շփման գիծին եւ միջազգային սահմաններուն վրայ երկրաչափական աշխատանքներ կատարելէ:
Համանախագահներուն հետ զրոյցի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր համարած են լարուածութեան վտանգի նուազեցնելու համար գոյութիւն ունեցող ուղղակի կապին օգտագործումը:
Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են մօտ ապագային կրկին հանդիպիլ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն հովանիին ներքեւ»: