«Արմէնփրէս».- Վենետիկի յանձնաժողովը լիագումար նիստին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանին շուրջ վերջին զարգացումներուն ու Սահմանադրական Դատարանի գործող անդամներուն մասին  հրապարակային յայտարարութիւններուն:

Նիստի արձանագրութեան մէջ յիշուած է.«Յանձնաժողովը տեղեկացած է Հայաստանի մէջ Սահմանադրական Դատարանի շուրջ վերջին զարգացումներուն, ներառեալ Սահմանադրական Դատարանի անդամներուն վերաբերող հանրային յայտարարութիւններուն մասին: Յանձնաժողովը խնդրած է նախագահին իրավիճակին հետեւիլ մօտիկէն`անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութիւն հատարելու համար: Հայաստանի դատական օրէնսգիրքի վերաբերող հրատապ կարծիք կը պատրաստուի, որուն համաձայն  համապատասխան մարմիններուն մինչեւ  Հոկտեմբեր տեղի ունենալիք լիագումար նիստը պէտք է ուղարկուի»:

20 Յունիսին Աժ-ին Սահմանադրական Դատարանի դատաւորի երդման արարողութեան ընթացքին Վահէ Գրիգորեան նշած էր, որ կ’երդնու  Սահմանադրական դատարան մուտք գործելու համար,  այժմ որպէս միակ դատաւոր, կը  ստանձնէ ՍԴ-ի նախագահի լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու կատարումը: «…ՍԴ-ի դատաւորի երդումը կատարած է Սահմանադրական Դատարան մուտք գործելու համար, այժմու որպէս  միակ դատաւոր, քանի որ միւս դատաւորը այս օրերուն կը բացակայի  երկրէն, ես ստանձնելով ՍԴ-ի նախագահի լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու կատարումը, ՍԴ-ի անդամներուն հետ խնդիրները քննարկելէն վերջ անոնց համաձայնութեամբ կամ համաձայնութեան բացակայութեան պարագային ընդունելի ձեւաչափով այդ մասին կը տեղեկացնեմ նաեւ հանրութեան եւ իշխանութեան համապատասխան սահմանադրական մարմիններուն, որոնք իրաւասու են գործընթացին մէջ դերակատարութիւն ունենալ…»,-նշած էր Գրիգորեան:

Այս յայտարարութիւնը բուռն քննարկումներու առիթ  դարձած է ինչպէս իրաւաբաններուն, սահմանադրագէտներուն, այնպէս ալ քաղաքական ուժերուն համար: