«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտագին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին վերջին յայտարարութիւնը մեկնաբանած է:

Աննա Նաղդալեան յայտնած է, որ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարի պնդումները չեն համապատասխանիր իրականութեան. նման մօտեցում ապակառուցողական է, որուն հետեւանքով  խաղաղ գործընթացի լրջութիւնը կ’արժէքազրկուի:

«Ինչպէս յայտնած էինք տակաւին Ուաշինկթընի հանդիպումէն առաջ, որու ընթացքին վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմի պատճառով սրուած իրավիճակի հանդարտեցման հարցեր քննարկուած են: Համանախագահները կոչ  ըրած են անմիջապէս քայլեր ձեռնարկելու՝ վերականգնելու համար խաղաղութեան նպաստող միջավայրը եւ պահպանելու հրադադարը, եւ ապա մարդասիրական ոլորտին եւ վտանգները նուազեցնող  յստակ առաջարկներով հանդէս  եկած են: դԱտրպէյճանական կողմի ապատեղեկատուութիւնը կը յանգեցն է եզրակացութեան, որ Ատրպէյճանը մտադրուած չէ իրականացնելու համանախագահներուն այդ կոչերը եւ առաջարկները:

Աւելին, այն պնդումը, որ բանակցութիւնները կրնան յաջող ընթանալ զինադադարի կանոնաւոր խախտումներով, կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն լրջագոյն վնաս կը  հասցնէ եւ կը խաթարէ խաղաղ գործընթացը»,-յայտնած է Աննա Նաղդալեան:

Ուաշինկթընի մէջ 20 Յունիսին տեղի ունեցած է  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանաւորութեամբ:

Ինչպէս հաղորդած է «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը, Ատրպէյճանի Արտագին Գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Ուաշինկլընի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները առաջարկներ  ներկայացուցած են քննարկման համար: Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի մէջ  համանախագահները առաջարկած են «զօրքերու դուրսբերում եւ խաղաղապահներու տեղակայում»: