«ԱՀԱԶԱՆԳ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԲՈՂՈՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ՝ ԴԵՂԻՆ ՍԱՂԱՒԱՐՏՆԵՐ ԶԵՏԵՂԵԼՈՎ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՇԷՆՔԻՆ ԱՌՋԵՒ
«Երկիր».- Հայաստանի Ազգային ժողովը 25 Յունիսի իր նիստին երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հարկային Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններ»ու ծրարը:
Նախագիծերու ծրարին թեր քուէարկեց 73, դէմ՝ 32 պատգամաւոր:
Նախքան նիստը, Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, թէ դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծին, որովհետեւ եկամտահարկի համահարթեցումով բարձր ու ցած աշխատավարձ ունեցողները նոյնը պիտի վճարեն, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ իրենց առաջարկած փոփոխութեան առաջարկները բնաւ նկատի չեն առնուած:
Ծրարով առաջարկուող հիմնական փոփոխութիւններէն է եկամտային հարկի համահարթեցումը: Եկամտային հարկը կը դառնայ 23 առ հարիւր, ապա, աստիճանաբար նուազելով, կը հասնի 20 առ հարիւրի: Նախագիծով կը բարձրացուի նաեւ վարկային կազմակերպութիւններու, գրաւատուներու, լումայափոխներու պետական տուրքը:
Մինչ Ազգային ժողովին մէջ կը կատարուէր «Հարկային Օրէնսգրքի Փոփոխութիւններ»ու ծրարի քուէարկութիւն, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները դարձեալ բողոքի ցոյց կատարեցին խորհրդարանին դիմաց՝ յայտարարելով, որ իրենք դէմ են այդ ծրարին մէջ ներառուած եկամտահարկի համահարթեցման սկըզբունքին:
Ցուցարարները դիտել տուին, որ Հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխումները կը պահանջեն առարկայական նոր մօտեցումներ, որոնց կիրարկումով պէտք չէ խախտի արդարութեան սկզբունքը:
«Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներէն Արգիշտի Գէորգեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրենց բերած աշխատանքային ձեռնոցներն ու գլխարկները պիտի ձգեն Ազգային ժողովին դիմաց, որպէսզի պատգամաւորները յիշեն, թէ ի՛նչ երկրի մէջ, ընկերային ի՛նչ պայմաններու մէջ կ’ապրին, նաեւ այն, որ այս հարկային նոր օրէնսգիրքը յատկապէս ո՛ր խաւին մեծ վնաս կը հասցնէ: