13 Յունիս 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Լիազօր Դեսպան Տիգրան Գէորգեան Լաթաքիա տուած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Լաթաքիոյ մէջ գործող հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման բացումը կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Աւետիս Կարպուշեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց յարգարժան դեսպանին ու ներկաներուն եւ դիտել տուաւ, որ դեսպան Տիգրան Գէորգեան աջակցած է Սուրիոյ ժողովուրդին եւ մենք եւս վայելած ենք իր հոգատար զօրակցութիւնը: Ապա յայտնեց, որ դեսպանը փափաքեցաւ հանդիպիլ Լաթաքիոյ մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ ծանօթանալու անոնց աշխատանքին, պատասխանելու դեսպանատան աշխատանքներուն առնչուող հարցումներուն եւ բաժնեկցելու անոնց մտահոգութիւնները:
Այնուհետեւ դեսպան Գէորգեան խօսեցաւ Հայաստանի ներքաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներուն, Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին։
Դեսպանը այցելեց նաեւ Քեսապ, իսկ 12 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ նահանգապետին հետ։

Հերմիկ Տողրամաճեան-Գաբրիէլեան