«Երկիր».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Յունիսին  ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Տոյվօ Քլաարին:

Վարչապետ Փաշինեան շեշտած  է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու շարունակական խորացման ու սերտացման կարեւորութիւնը եւ  անդրադարձած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին:

Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողական կը հետապնդէ ժողովրդավարութեան զարգացման, դատաիրաւական համակարգի արմատական բարեփոխման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ շարունակական քայլերու, ծրագրերու իրականացման գործը, եւ ՀՀ-ԵՄ համաձայնագիրը կը նպաստէ Հայաստանի համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման:

Տոյվօ Քլաար ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը եւս կարեւոր կը համարէ Հայաստանի հետ գործակցութեան աշխոյժ զարգացումը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ յառաջընթաց քայլ արձանագրելու ուղիին մէջ պատրաստ է շարունակել օժանդակելու մեր երկրին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Վարչապետ Փաշինեան դիտել տուած է, որ Հայաստան հակամարտութեան կարգաւորումը բացառապէս խաղաղ ճանապարհի մէջ կը տեսնէ եւ հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին համաձայն հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման  ուղղուած բանակցային գործընթացին:

ՀՀ վարչապետն ու Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը միտքեր  փոխանակած նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն եւ զարգացումներուն շուրջ: