«Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին կողմէ յառաջացած կազմակերպիչ կոմիտէի ներկայացուցիչներ` Արմէն Ռուստամեան, Դաւիթ Շահնազարեան եւ Գեղամ Նազարեան 25 Յունիսին հանդիպեցան ՀՀ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Կոպիրկինի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին, կազմկոմիտէի ներկայացուցիչները Ռուսաստանին, որպէս Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի դեսպանին, տեղեկացուցին 7 Մայիսին Ստեփանակերտ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ու անոր նպատակներուն մասին եւ փոխանցեցին այդ ֆորումին կողմէն ընդունուած հռչակագիրի ռուսերէն թարգմանութիւնը: