Առասպելն ու Հերոսը
Լքելով առաջին կայանը՝ հեքիաթներու աշխարհը, մուտք կը գործենք առասպելներու աշխարհ։ Սակայն՝ չխորացած անկէ ներս, եկէք պահ մը կանգ առնենք ու լաւապէս հասկնանք առասպել կոչուած երեւոյթին իսկական խորքն ու անոր հերոսին էութիւնը։ Տարբեր մասնագէտներ տարբեր բացատրութիւններ կու տան անոր մասին։ Ոմանք զայն կը բացատրեն որպէս պատմական ու ընկերային երեւոյթ, ուրիշներ՝ տնտեսական, հոգեբանական, գեղարուեստական, մշակութային, նոյնի՛սկ գերբնական ու հոգեւոր խորքեր կու տան անոր։ Որեւէ ազդեցիկ արուեստի գործի պէս, առասպելն ալ բազմաշերտ է եւ ճշգրիտ ուսումնասիրութիւն պիտի նկատուի միայն ան, որ կը պարփակէ վերոյիշեալ բոլոր բնագաւառները։
Առասպելին կորիզը կը կազմէ յաճախ պատմական դէպք մը կամ դէմք մը։ Անոր շուրջ հիւսուած պատումը կ’արտացոլէ տուեալ հաւաքականութեան սովորութիւնները, ընկերային ու տնտեսական յարաբերութիւնները, մտայնութիւնն ու գեղարուեստական ճաշակը։ Օրինակ՝ «Սասնայ Ծռեր»ուն կորիզը Թ. դարու հայկական ապստամբութիւններն են արաբական իշխանութեան դէմ եւ այդ ապստամբութիւններու առանցքային հերոս Դաւիթ Մամիկոնեանը, որ առասպելականանալով վերածուած է Սասունցի Դաւիթի։ Առասպելի ամբողջ ընթացքին հարուստ տեղեկութիւններ կրնանք քաղել այդ ժամանակաշրջանի հայկական ընկերութեան մէջ տիրող յարաբերութիւններուն, տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակներուն, մտայնութեան ու հոգեւոր արժէքներուն մասին։ Իսկ կառոյցը, անոր մէջ գործածուած պատկերները, բառապաշարը, երգեցիկ ու ասմունքային բաժինները մեր մշակոյթին ու գեղարուեստական ճաշակին հարազատ տարրերն են։
Այսքանէն ետք ուրեմն՝ ի՞նչ է առասպելը… Առասպելը այս բոլորն է։ Զուիցերիացի հոգեբան Քարլ Կուսթաւ Եունկ, որ իր աշխատանքներուն մէջ վեր առած է առասպելի դերակատարութիւնը մարդու հոգեբանական կազմուածքին մէջ, հաստատած է, որ առասպելը հաւաքական անգիտակցութեան արտադրանքն է։ Պարզաբանենք. ըստ հոգեբաններու, մարդ արարածին ուղեղը կը բաղկանայ գիտակից եւ անգիտակից բաժիններէ։ Գիտակից ուղեղը մեզ կ’առաջնորդէ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, սակայն մեր զգացական փորձառութիւնները, մեր վրայ ազդող գործօնները, որոնք կը թուին թէ մոռցած ենք, ամբարուած կը մնան մեր անգիտակից ուղեղին մէջ։ Հոնկէ ալ կը ծնին մեր երազները։ Գիշերը երբ քունի կ’անցնինք, գիտակից ուղեղը կը դադրի աշխատանքէ եւ երեւան կու գայ անգիտակից ուղեղը, որ իր մէջ մեր ամբարած փորձառութիւնները, չիրականացած իղձերն ու վախերը խորհրդանշական ձեւով եւ հետաքրքրական պատումներով դուրս կու տայ, այլ խօսքով՝ երազ կը տեսնենք։
Եունկեան հոգեբանութեան համաձայն, անգիտակից ուղեղն ալ ունի երկու բաժին՝ հաւաքական եւ անհատական։ Եթէ անհատականին մէջ ամբարուած են մեր անձնական փորձառութիւնները, իղձերն ու վախերը, ապա հաւաքականին մէջ կը գտնենք անհատին պատկանած հաւաքականութեան, ինչպէս նաեւ համամարդկային փորձառութիւններ, իղձեր ու վախեր, որոնք կ’արտայայտուին հետաքրքրական պատումներու՝ առասպելներու միջոցով։ Այսինքն, կարելի է ըսել, որ առասպելը հաւաքական երազ մըն է, որուն ընդմէջէն, խորհրդանշական պատկերներու միջոցով, հաղորդակից կը դառնանք մեր նախահայրերու փորձառութիւններուն եւ կ’արտայայտենք մեր հաւաքականութեան, նոյնիսկ ամբողջ մարդկութեան իղձերն ու վախերը։
Հաւաքական անգիտակցութիւնը առասպելաբանութեան աշխարհին մէջ միակ ներդրումը չեղաւ առասպելի կարեւորութեան հաւատացող հոգեբան Եունկին։ Ան հաստատեց նաեւ առասպելներով ներկայացող նախատիպի գաղափարը։ Իւրաքանչիւր առասպելական հերոս մարդկային որոշ տեսակի մը, կամ որոշ կացութեան մը մէջ գտնուող իրավիճակի մը խտացումը կը ներկայացնէ, ահա այս է, որ կը կո-չուի նախատիպ։ Ի. դարու առասպելաբանները խմբաւորելով, շարելով ու մաղելով նախատիպերը յաջողած են հասնիլ համամարդկային գրեթէ բոլոր առասպելները համապարփակող հասարակաց գիծերու։ Այս առումով, կան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք բոլորն ալ կը յենին առասպելի հերոսին տիպարին ու անոր անցած փուլերուն վրայ։ Շատ չճիւղաւորուելու համար, պիտի վստահինք այդ ուսումնասիրութիւններէն մէկ հատին՝ ամերիկացի առասպելաբան Ճոզէֆ Քեմփպէլի «Հերոսին Ուղեւորութիւնը», որովհետեւ ան ամէնէն համապարփակն ու նպատակայարմարն է։
Հերոսին ուղեւորութեան մասին, յաջորդիւ պիտի անդրադառնանք հանգամանօրէն, սակայն հոն չհասած պահ մը նաեւ մէջբերենք Քեմփպէլէն սա խօսքը. «Հերոսը մէկն է, որ իր կեանքը նուիրած է իրմէ մեծ բանի մը»։ Առաջին պահուն սովորական թուող այս նախադասութիւնը, իր մէջ կը կրէ դարերու կուտակուած իմաստութիւն։ Մեզմէ մեծ բանի մը նուիրումը յաճախ մենք կը հասկնանք մարդկային ու ազգային բարձր գաղափարներու ճամբուն կատարուած զոհողութիւններով։ Ճշմարի՛տ է։ Այդ ճամբուն վրայ ալ կը ծնին ազգային հերոսները, որոնք արժանի են ոչ միայն մեծարանքի, այլ նաեւ խնկարկուելու որպէս դիւցազնակերպ տիպարներ։ Սակայն կայ նաեւ աւելի պարզ ու կենցաղային հերոսացումը։
Երբ զոյգ մը կ’որոշէ ընտանիք կազմել, կը նշանակէ, որ երկուքն ալ իրենք զիրենք իրենց եսէն աւելի մեծ բանի մը կը նուիրեն, որովհետեւ հաւաքականը, որքան ալ փոքր ըլլայ խումբը, կը գերազանցէ անձնականին։ Ո՞վ իր ընտանիքին համար, այս կամ այն ձեւով զոհողութիւններ չէ կատարած։ Բնական պայմաններու մէջ, մեր հայրերն ու մայրերը մեր նախասիրած հերոսներն են։ Երբ մարդ որեւէ հաստատութենէ ներս աշխատանքի կը սկսի, ինքզինք կը նուիրէ այդ հաստատութեան։ Շատ յաճախ մարդիկ իրենց թափած աշխատանքէն նուազ վարձատրութիւն կը ստանան, սակայն չեն լքեր աշխատանքը, որովհետեւ միայն նիւթական բաւարարուածութիւնը չէ որ մարդուս կապուած կը պահէ իր պաշտօնին, այլ հաւատքը հաստատութեան տեսլականներուն ու առաքելութեան։ Քրիստոնէական ըմբռնումով, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ նուիրուիլ Աստուծոյ կամքին, այլ խօսքով՝ նուիրուիլ մեզմէ մեծ բանի մը։ Հոս պիտի չյիշեմ անոնք, որոնք ազգային ու միութենական ծառայութեան նուիրուելով մեծամեծ զոհողութիւններ կ’ընեն իրենց հաւաքականութեան ու դաւանած գաղափարին համար։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պատմութեան հերոսն է։
Այս գիտակցութեամբ եթէ մօտենանք առասպելներուն, պիտի տեսնենք, որ իւրաքանչիւր առասպելական հերոս, իւրաքանչիւր նախատիպ, մեր բոլորին փորձառութիւններուն խտացումը կը ներկայացնէ։ Կարելի է ըսել, որ մեր կեանքին ընթացքին կրնայ ըլլալ որ մենք Մոխրիկ եղած ըլլանք, զգանք, թէ ինչպէ՛ս անարդարութեան կ’ենթարկուինք ու չարաշահուինք մեր շրջապատէն։ Կրնայ ըլլալ որ Ոդիսեւս եղած ըլլանք, փորձենք վերադառնալ տուն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Կամ եղած ըլլանք Ծուռ Դաւիթ, անարդարութեան դէմ արդարութեամբ պայքարող։ Այլ խօսքով, մենք ենք բոլոր առասպելներուն հերոսները ու անոնք մեր ապրած կեանքով ամէն օր կը վերակենդանանան։
Յուշիկ Ղազարեան